Եկեղեցական Արարողութիւն «Վիճելի» Դարձած Հայկական Մատուռներուն Մէջ

Յունիս 1-ին` երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը,  յատուկ նշեց քաղաքի Ախալցխայի Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Եկեղեցւոյ հաւատաւոր ժողովուրդը, իրենց երեխաներով ու թոռներով, հաւաքուեցան Ախալցխայի հնամեայ հայկական մատուռներուն մէջ, ուր Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեան մատուռներէն մէկուն իրականացուց եկեղեցական արարողութիւն: 

Հայր Յակոբի խօսքերով` անցեալ տարի Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին հայկական մատուռները որպէս իրենց սեփականութիւն գրանցեց, սակայն ամենամեծ գրանցումը մատուռները ունին մեր ժողովուրդի սրտերուն մէջ, ինչ որ անկարող է ոեւէ մէկը փոխել: Այս սրբավայրը մեր ժողովուրդի սրտին մէջ հնուց ի վեր գրանցուած է մատուռներու կառուցման օրուընէ, եւ ան է միակ ճշմարիտ սեփականատէրը այս մատուռներուն:

Արարողութեան աւարտին հոգեւորականը օրհնեց մանուկները եւ օրուան առիթով բաժնեց  նուէրներ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին որպէս իր սեփականութիւն գրանցեց «Քրոջ եւ Եղբօր» կոչուող մատուռները ու օգոստոս 28-ին եկեղեցական արարողութիւն  իրականացուց մատուռներուն մէջ, որ մեծ վրդովմունք յառաջացուց Հայ Եկեղեցւոյ ու Ախալցխայի հայերու շրջանին մէջ:

Տուեալ թեմայի շուրջ օրերս հարց  բարձրացուցած է նաեւ Վիրահայոց թեմի իրաւաբան Լեւոն Իսախանեան  Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան  Ուչա Նանուաշուիլի հետ հանդիպման ժամանակ:

Scroll Up