Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ ՀՀ Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավար Անձնակազմի Հետ Հանդիպման
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/GetThumbnail.jpg)
Յունիս 2-ին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական համակարգի ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման:
Հանդիպումը կայացած է Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: