ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղ. «Հայկական Է, Պատուական Է» Խորագիրով Տոհմիկ Օր

Կազմակերպութեան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 31 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00, Ժել էլ Տիպի հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տոհմիկ օր մը:

«Հայկական է, պատուական է» խորագիրը կրող ձեռնարկին ընթացքին վաճառքի դրուած էին հայկական յուշանուէրներ, ուտելիքներ, անուշեղէններ, «Սի. Տի.»-ներ եւ գինի: Հայկական երաժշտութիւնը տիրական էր ամբողջ օրուան ընթացքին` մթնոլորտը լեցնելով հայկական տրամադրութեամբ եւ շունչով:

Մասնակիցներու կարգին էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը, որ խորովածի պատրաստութեամբ եւ վաճառքով յաւելեալ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց:

ԼԵՄ-ականները այս նախաձեռնութեամբ եկան անգամ մը եւս շեշտը դնելու հայկական սովորութիւններուն, արժէքներուն եւ ճաշատեսակներուն պահպանման կարեւորութեան վրայ` զանոնք իրենց առօրեային մէկ մասը դարձնելով: Հետաքրքրական էր, որ լիբանանցի արաբներ եւս այցելեցին հանրային պարտէզ եւ ծանօթացան հայկական ուտելիքներուն:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up