ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Օհանեան» Կրթահամալիրին Մէջ Մասնակցեցաւ Գիտութեան Փառատօնի Բացման Արարողութեան

Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Օհանեան» կրթահամալիրին մէջ մասնակցեցաւ Գիտութեան ամենամեայ փառատօնի բացման արարողութեան: Փառատօնը բազմաբովանդակ էր իր թեմատիկ ընդգրկումներով մասնակիցներու ներկայացուցչական կազմով:
Նախարարը բարձր գնահատեց աւանդական դարձած փառատօնի կազմակերպումը, որ իւրայատուկ կերպով ամփոփեց եւ ներկայացուց նորագոյն միջոցներու, մաթեմատիկայի, տարրաբանութեան, բնագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ իրականացուած գիտափորձերը:
Նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատեց այն գիտական հարցադրումները, որոնք աշակերտները ներկայացուցած էին յայտնի գիտնականներու եւ հէնց փառատօնին մէջ գիտաժողովներուն ընթացքին լսեցին ատոնց պատասխանները: Նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ ազգային դպրոցը համագործակցելով գիտական կեդրոններու հետ, նման ձեռնարկներու, հետեւողական աշխատանքի ու նուիրումի շնորհիւ կրնայ մեծ յառաջընթաց ապրիլ` ապահովելով ժամանակակից մրցունակ մասնագէտներու նոր սերունդի կայացման: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստանի կրթօճախներու համագործակցութիւնը Սփիւռքի մեծ փորձ ունեցող դպրոցներուն եւ սփիւռքհայ գիտնականներուն հետ, փորձի փոխանակման հնարաւորութիւններու ընդլայնումը, աշակերտակեդրոն, ճկուն եւ արդի գիտատեխնիկական նուաճումներուն համահունչ դպրոցի կայացումը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի դպրոցներու քոյրացման ընդլայնումը: