Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանի խայտառակ հարցազրոյցին առիթով

Նոր չէ, անշուշտ, խայտառակ ոճն ու ապատեղեկատուութիւնը որ կը փորձէ            կատարել Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ «Թօ Վիմա» թերթին տուած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն։ Մի քանի առիթներով, վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ականատես դարձանք ատրպէյճանական քարոզչական ծաւալուն արշաւին, որ կը փորձէ մթնոլորտ ստեղծել Յունաստանի մէջ, ի տես յոյն¬ազերի «սիրաբանութեան» շարունակութեան, որ սկսաւ կազի խողովակաշարի կնքման համաձայնութենէն ետք։

Ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ վերջին տարիներուն Ատրպէյճան ամբողջ քարոզչամեքենայ մը ի գործ դրած է բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական զօրաւոր ներկայութիւն կայ՝ հակահայ ապատեղեկատուութեան  ճակատներ բանալով։

Այս քարոզչամեքենան կը բանի տարբեր¬տարբեր ձեւերով։

Հոս, Յունաստանի մէջ, մեծ զարկ կը տրուի Ատրպէյճանը ներկայացնելու որպէս քաղաքակիրթ ու մշակոյթի սիրահար երկիր, դասական համերգներու կազմակերպումով (որ ի դէպ կը հովանաւորուին բարեսիրական շատ ծանօթ հաստատութիւններու կողմէ, մարդասիրական ծրագիրներու պիտակին տակ): Ինչ կը վերաբերի մամուլի դաշտին, դժուար չէ կռահել , թէ հոն մանաւանդ՝ ամբողջ զինանոց մը տրամադրուած է, մամուլի  լման ակումբներու օգտագործումով, որ սուտով ու կեղծիքով Արցախեան հարցի էութիւնը կը խեղաթիւրեն ամէն պատեհ առիթով։

Բոլոր այս առիթներուն մէջ  Հայաստանը իբրեւ  նախայարձակ կը ներկայացուի, «որ գրաւած կը պահէ ազերիական դարաւոր պատմական հողերը»… իսկ ազերի թուրքը «անմեղ զոհ»ն է, որ միջազգային ընտանիքի  գուրգուրանքին պէտք է արժանանայ…: Բայց իրապէս, ո՞ր խուլ ու համր մարդոց կրնայ ուղղուած ըլլալ նման քարոզչութիւն, երբ նոյն պահուն Ատրպէյճանի նախագահը կը յոխորտայ իր երկրի սպառազինման համար ծախսուած միլիառներուն համար եւ իր սպառնալիքները անամօթաբար կը պարտադրէ լոպպիինկի շրջանակներուն մէջ։

Ինչպէս ըսինք, նորութիւն չէ ազերիական ապատեղկատուութեան արշաւը, բայց կրնանք ըսել, որ վերջերս ստացած է  յարձակողական բնոյթ, օգտուելով յոյն¬ազերիական  յարաբերութիւններու «բարձր մակարդակէն» եւ Յունաստանը տագնապեցնող սեփական խնդիրներէն, որ նոր, աժան մշակոյթ մը պարտադրած են երկրին։ Իսկ Ատրպէյճանի մշակոյթը՝ արիւնլուայ կացինն է, որ երբեք չենք                  կրնար մոռնալ, մարդասպանին ներում շնորհել եւ ազգային հերոս կոչելն է…

Այս վտանգաւոր վիճակին առաջքը առնելու համար հարկ է մնալ զգօն, որովհետեւ քարոզչական պատերազմին մէջ չկայ «արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ» խօսքին վրայ ապաւինելու հանգիստ զգացումը, այլ լուրջ սպառնալիք է նոր սերունդներու այլափոխուած դաստիարակութեամբ հրամցուող նոր պատմութիւնն ու պարտադրուած իրավիճակները։

Միջազգային հանրային կարծիքը իրազեկելու, լուսաբանելու եւ ճշմարտութիւնը ամէն տեղ բացագանչելու պարտադրանքին տակ ենք։  Չի բաւեր միայն պաշտպանողական դիրքերէ հանդէս գալ, այլ Հայաստանի պետութիւն, Սփիւռքի կազմակերպութիւններ, բոլորը միասնաբար ու համակարգուած ձեւով գործակցիլ,  մշակ ւած քաղաքականութեամբ ընթանալու եւ պարտութեան մատնելու համար            ազերիական սուտն ու կեղծիքը:

Հ.

Scroll Up