Սփիւռքի Նախարարը Պարզաբանեց, Թէ Ինչու «Հայանպաստ» Գործունէութեան Համար Խնդրած Է Բանակէն Ազատել ՀՀ Քաղաքացի Սփիւռքահայերը
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանելով Tert.am-ի հարցին, թէ արդեօք հակասահմանադրական չէ զինուորական ծառայութենէն ազատել ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած սփիւռքի որոշ հայրենակիցներ` ձեւակերպելով ատիկա որպէս հայանպաստ գործունէութիւն, պատասխանեց, թէ իրականութեան մէջ իր դիմումը կառավարութեան մէջ անտեղի շփոթ յառաջացուցած է:
«Ինչ-որ շփոթ առաջացաւ «ՀՀ զինապարտութեան մասին օրէնքով» ՀՀ քաղաքացիները պէտք է պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնեն: Դա նաեւ սահմանադրական նորմ է, սակայն օրէնքն ունի որոշակի կէտեր, որով ասում է, թէ որ դէպքում գիտնականը, երեք-չորս երեխայ ունեցողը, խնամողը, քաղաքացին որոշակի դէպքերում կարող են ազատուել կամ տրուի տարկէտում: ՀՀ կառավարութիւնը տասնեակ տարի է` տալիս է տարկէտում ուսանողներին, հոգեւորականներին` այս երկու կատեգորիաներին հիմնականում, որպէսզի նրանք կամ սովորեն, կամ ծառայութիւն անցնեն»,- ըսաւ նախարարը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս դիմած է ՀՀ կառավարութեան` ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած խումբ մը սփիւռքահայերու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատելու հարցով, ինչ որ դժգոհութիւններու առիթ հանդիսացած էր, քանի որ, ըստ հարցը բարձրացնողներուն` նախարարը հակասահմանադրական քայլ ըրած էր` մէկ կողմէն սփիւռքահայերուն նկատմամբ, միւս կողմէն` պետութեան:
Նախարարը նշեց, որ վերջին անգամ Սփիւռքի նախարարութիւնը առաջարկած էր մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս միաբաններու ազատել զինուորական ծառայութենէ, որպէսզի անոնք իրենց ծառայութիւնը անցնեն Սուրիոյ, Յորդանանի, Լիբանանի մէջ եւ այլն:
Նախարարը եւս մէկ անգամ` ի գիտութիւն հարցով մտահոգուողներուն, ըսաւ, որ ինքը դիմած է, քանի որ երիտասարդները միաբաններ եղած են: «Բացի այդ, եթէ խոշոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները հարց են բարձրացնում, ու մենք էդ հարցը քնեցնենք, դուք նոյն յաջողութեամբ կը յարձակուէք մեզ վրայ եւ կ’ասէք` դուք ինչու՞ էք նստել եւ ընթացք չէք տալիս սփիւռքի հարցերին»,- ըսաւ նախարարը:
Հարցին, թէ բանակին մէջ ըստ նախարարին ծառայելը հայրենանպաստ է, նախարարը դրական արձագանքեց: Հակառակ հարցին` իսկ չծառայելը՞` Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանեց. «Գիտէք, կան դէպքեր, որոնք կարող են հաւասարեցուել ծառայութեանը: Սիրիայում հոգեւորականն այսօր բանակին հաւասար ծառայութիւն է իրականացնում, եւ էդ երիտասարդները պէտք են Սիրիայում, Լաթաքիայում առաջինը, երբ մեր Քեսապի հայութեանը դուրս արեցին, եկեղեցին ամբողջ պատասխանատուութիւնն իր վրայ վերցրեց, եւ եկեղեցական ծառայողներն էին ծառայում` 370 հոգու կերակուր, հագուստ, սնունդ բերելու հարցում»:
tert.am