Լոյս Տեսաւ Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Քարոզներու Եւ Պատգամներու Հաւաքածոն

Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի քարոզներու ու պատգամներու անգլերէն հատորը՝ «A Collection of Spiritual Reflections»։ Գիրքի հրատարակութիւնը իրականացաւ Արեւմտեան թեմի գլխաւոր բարերարներ՝ «Գարոլան ընտանիքի հիմնարկութիւն»ի մեկենասութեամբ եւ ձօնուած է Հայ Տարեցներու Տարուան։

Գիրքին մէջ տեղ գտած է առաջնորդին եպիսկոպոսական օծումէն՝ 1997էն, մինչեւ օրս գրուած ու ներկայացուած քարոզներէն ու պատգամներէն փունջ մը։ Հոն կան Ս. Ծննդեան, Ս. Զատկուան, Ապրիլ 24ի եւ ազգային այլ տօներու առթիւ տրուած պատգամներ, յատուկ առիթներով տրուած գնահատականներ եւ օրհնութեան խօսքեր՝ ուղղուած մեր երիտասարդութեան, ուսանողներուն, աշակերտութեան եւ գաղութիս կազմակերպութիւններուն։

asbarez.com

Scroll Up