Շարլ Ազնաւուր Վարշաւայի Մէջ Պիտի Ներկայանայ Եզակի Համերգով

Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Շարլ Ազնաւուր եզակի համերգով հանդէս պիտի գայ Լեհաստանի մէջ: Երգիչը յունիս 23-ին ելոյթ պիտի ունենայ Վարշաւայի Մշակոյթի եւ գիտութեան պալատին մէջ (Pałac Kultury i Nauki): Համերգի տոմսերը շուտով կը յայտնուին վաճառքի:
Նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնյէ, երգիչ, երգահան, կինոդերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականի մայիս 22-ին Փարիզի մէջ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններն ամփոփող շուրջ 100 միլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը:
Այս տարի կը լրանայ անուանի գործիչի 90-ամեայ յոբելեանը, որուն առթիւ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ կը կազմակերպուին տօնական ձեռնարկներ: Տարբեր երաժիշտներ կը շնորհաւորեն հեղինակաւոր երգիչին’ յոբելեանի առիթով:
Յայտնի երգիչը այս տարի համերգներ ունի աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ’ ունեցած ելոյթը Հայաստանի մէջ: