Ինչո՞ւ Թուրքերը Յաջողեցան Բնաջնջել Հայերը, Բայց Հրեաները` Ոչ (Բ մաս.)

Ասիկա նախորդ ամսուան իմ յօդուածիս երկրորդ եւ վերջին մասն է, որուն մէջ վերլուծած էի, թէ ինչու երիտթուրքերը կրցան ոչնչացնել հայերը, սակայն չկրցան իրագործել Պաղեստինի հրեայ ներգաղթողները բնաջնջելու իրենց զուգահեռ ծրագիրը:
9 Մայիս 1917ին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը տարածեց ներգաղթող Ահարոն Ահարոնսոնի հետեւեալ մամլոյ հաղորդագրութիւնը. «Հրաման տրուած է 48 ժամուան ընթացքին արտաքսել բոլոր հրեաները Թէլ Աւիւէն, ներառեալ՝ Կեդրոնական տէրութիւններու (Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ) քաղաքացիները: Մէկ շաբաթ առաջ 300 հրեաներ վտարուած են Երուսաղէմէն:
Ճեմալ փաշան յայտարարած է, որ անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ նման հայերուն ճակատագիրին: Թէլ Աւիւէն ութ հազար բռնագաղթածներու թոյլ չէ տուած որեւէ մթերք տանիլ իրենց հետ, իսկ վտարումէն ետք անոնց տուները կողոպտուած են պետեւի ամբոխներու կողմէն»:
Շատ չանցած, Գերմանիոյ խորհրդարանի հրեայ պատգամաւոր, ընկերվարական Օսկար Քոհեն խնդրած է դիւանապետէն ճնշում բանեցնել թրքական կառավարութեան վրայ՝ «վճռականօրէն կանխելու Պաղեստինի մէջ վայրագութիւններու կրկնութիւնը» հրեաներու դէմ, նման այն վայրագութիւններուն, որոնք իրականացուած էին հայերուն դէմ:
Յունիս 8ին Ահարոնսոնը գրած է իր օրագիրի մէջ. «Մեր բարձրացուցած աղմուկը արդիւնաւէտ եղաւ: Թուրքերը եւ գերմանացիները շուտով հասկցան, որ հրեաները պէտք չէ կոտորել այնպէս, ինչպէս հայերը: Գերմանիոյ կողմէ պատերազմի ֆինանսաւորումը կրնայ տուժել հրեաներուն պատճառով: Հետեւաբար, անոնք դադարեցուցին նոր տեղահանութիւնները»:
Բրիտանական սիոնական շարժման պաշտօնական «Պաղեստին» ամսագիրը նկարագրած է հրեաներու եւ հայերու լոպպիական կարողութիւններուն միջեւ եղած էական տարբերութիւնը. «Գերմանական կառավարութիւնը գիտէ, որ հրեաները պէտք չէ համեմատել հայերու հետ իրենց համաշխարհային հզօրութեան առումով, հետեւաբար Գերմանիոյ մէջ հրեաներուն ունեցած կշիռը կը տարբերի հայերու կշիռէն»:
Պաղեստինի հրէական պատմութեան ականաւոր ժամանակագիր Մորտեխայ Պեն-Հիլել Հակոհէն, 1917 թուականի Մարտ 30ին իր օրագիրի մէջ գրած է. «Թրքական կառավարութիւնը հայերուն դէմ գործած իր ոճրագործութեան պատճառով խայտառակուած էր ամբողջ երկրի աչքին, եւ հաւանաբար կառավարութիւնը պիտի վերանայի հրեաներուն հետ նոյնպէս վարուելու իր մտադրութիւնը….»:
Պաղեստինի մէջ հրէական գիւղատնտեսական բնակավայրերու առաջնորդ Մոշէ Սմիլիանսքին հայերու սարսափելի ջարդերուն վերաբերեալ զեկուցումներէն ետք եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան. «Ականատեսներու վկայութիւնները վախ ու խուճապ յառաջացուցած էին հրէական հանրութեան մէջ: Ո՞վ գիտէ, թէ ինչ պիտի ըլլար մեր ճակատագիրը, եթէ չըլլային Պոլսոյ մէջ ամերիկեան ներկայացուցիչ Մորկընթաուն ու վախը համաշխարհային մամուլէն, որ «կը վերահսկուի» հրեաներուն կողմէն»:
Եաիր Աուրոն իր գիրքի մէջ կը յայտնէ, որ Պաղեստինի մէջ հրեայ գաղթականներու առաջնորդ Մէյիր Տիզենկոֆը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ողջ ընթացքին «սերտօրէն աշխատած է Պոլսոյ մէջ սիոնական պատուիրակութեան հետ, որ գերմանամէտ եւ թրքամէտ էր»: Ըստ Տիզենկոֆի՝ նաեւ գերազանց յարաբերութիւններ գոյութիւն ունեցած են Պաղեստինի մէջ գերմանական հիւպատոսին հետ…. Հիւպատոսը ծառայած է իբրեւ խողովակ գումար փոխանցելու համար Եիշուվին (հրէական համայնք)՝ Կ. Պոլսոյ մէջ գերմանացի դեսպանի հրամաններով»: Տիզենկոֆ նաեւ նշած է, թէ գերմանացիներն էին, որոնք աջակցեցան եւ փրկեցին Եիշուվը: «Այն իրողութիւնը, որ Ճեմալ փաշան աւելի կարեկից դարձաւ հրեաներուն հանդէպ, Գերմանիոյ շնորհիւ էր»: Տիզենկոֆ կը վերյիշէ Ճեմալ եւ Էնվէր փաշաներու սպառնալիքները՝ ուղղուած հրեաներուն. «Սիոնականներ, զգուշացէ՛ք: Եթէ մեզի դէմ ըլլաք, ապա ձեզի հետ կ’ընենք այն, ինչ որ ըրած ենք հայերուն հետ»:
1917 թուականի Հոկտեմբերին, երբ թրքական իշխանութիւնները բացայայտեցին հրէական «Նիլի» լրտեսական ցանցը, նոր վտանգ մը ծագեցաւ Պաղեստինի մէջ հրեայ ներգաղթողներու համար՝ անգամ մը եւս արդարացում տալով թուրքերուն զիրենք ճնշումի ենթարկելու: Հրեաները վախցան, որ նման հակաթրքական ջանքեր կը յանգեցնեն ծանր հակաքայլերու, ինչպէս կիրարկուած էին հայերուն դէմ: 4 Հոկտեմբեր 1917ին Հայֆայի թուրք նահանգապետը հանդիպում ունեցաւ Զիխրոն Եակով գիւղի հրեայ ղեկավարներու հետ եւ սպառնաց, որ եթէ անոնք չկատարեն իր պահանջները, անոնց պիտի ենթարկեն այն բանին, որուն ենթարկած են հայերը: Ան ըսած է, որ ինք «իր ձեռքերով սպաննած է քանի մը հայեր, իսկ անոր զինուորները սպաննած են հազարաւոր հայեր»: Գալիլիոյ հրէական գաղութացման ընկերութեան ներկայացուցիչ Խայիմ Մարկալիթ-Քալվարիսկին իր օրագիրի մէջ արձանագրած է. «Ես լուր ստացած էի շատ վստահելի աղբիւրէ, որ [թրքական] բարձր հրամանատարութիւնը խիստ զայրացած է հրէական բնակավայրերէն եւ անոնք կը խորհրդակցին Պաղեստինի բոլոր հրէաներու ընդհանուր տեղահանութեան կարելիութեան մասին դէպի կայսրութեան [Օսմանեան] ամենահեռաւոր մարզերը»: Քալվարիսկին գրի առած է Ճեմալ փաշայի սպառնալից խօսքերը անոր հետ ունեցած բուռն վէճէն ետք. «Աստուած օգնական այն մարդոց, որոնց որդիներ այդ անիծեալ լրտեսներն են: Մենք դաս տուած ենք հայ ժողովուրդին նման գործերու գծով եւ առանց վարանելու նոյն քայլերուն պիտի ձեռնարկենք նաեւ այս պարագայի»:
Ականատես ըլլալով թուրքերու գազանութիւններուն ընդդէմ հայերու, որոնց կը մեղադրէին անհնազանդութեան եւ ապստամբութեան մէջ, հրեայ ներգաղթողները որոշեցին ամբողջովին հնազանդիլ եւ բախում չունենալ թրքական իշխանութիւններուն հետ: Փրոֆեսէօր Աուրոն նկատած է, որ «որեւէ անգամ ոեւէ հրեայ ներգաղթողի կողմէն յարձակում չէ կատարուած թուրք զինուորի վրայ»: Բրիտանական զօրքերուն կողմէն Պաղեստինի գրաւումը վերջնականապէս փրկեց հրեաները` կանխելով թրքական իշխանութիւններու հետագայ վայրագութիւններն ու ջարդերը:
Վերջաւորութեան, 1,5 միլիոն հայեր ոչնչացուեցան, մինչդեռ Պաղեստինի հրեայ ներգաղթողները համեմատաբար քիչ կորուստներ ունեցան: Պատերազմի տարիներուն Պաղեստինի հրեայ բնակչութիւնը 86 հազարէն կրճատուեցաւ 55 հազարի: Հակառակ այն հանգամանքին, որ հայերը նոյնպէս իրենց կողմնակիցները ունէին Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն հրեայ ներգաղթողները կրկնակի պաշտպանութիւն կը վայելէին պատերազմի երկու կողմի հզօր պետութիւններու` արեւմտեան երկիրներու կողմէն, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ, որ Թուրքիոյ ռազմական դաշնակիցն էր:
Վահագն Տատրեան իր «Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը» գիրքի մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Ուանկենհայմը ըսած է Հենրի Մորկընթաուին. «Ես կ’օգնեմ սիոնականներուն… սակայն ոչինչ պիտի ընեմ հայերուն համար»:
Մինչ Գերմանիան կը փրկէր Պաղեստինի հրեայ ներգաղթողները, ան կ’աջակցէր երիտթուրքերու վարչակարգին` հայերը բնաջնջելու:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը