Գէորգ Չաւուշի Թանգարանի Աշտարակին Տեղադրուած Է Արծիւի Քանդակ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան որդիներուն հետ միասին մասնակցած է Արագածոտնի մարզի Աշնակ գիւղին մէջ աւանդաբար մայիս 27-ին նշուող ֆիտայիներու ոգեկոչման ու հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հերոս Գէորգ Չաւուշի յիշատակի օրուան նուիրուած արարողութեան: Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող այս աւանդոյթը մէկ յարկի ներքոյ հաւաքած էր տարբեր սերունդներու հարիւրաւոր մարդոց, որոնք եկած էին Աշնակ` ոչ միայն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու քաջ ֆետայապետի յիշատակին, այլեւ մասնակցելու բոլոր այն ֆետայիներու ոգեկոչման արարողութեան, որոնք Չաւուշի նման իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն հայրենիքի ու սեփական ժողովուրդի փրկութեան:
Մինչ աւանդատօնի բուն ձեռնարկներու մեկնարկը, Տարօն Մարգարեան նախ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայրենական մեծ պատերազմին Արցախեան ազատամարտին մէջ զոհուած աշնակցիներուն, ինչպէս նաեւ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին` ծաղիկներ խոնարհելով անոնց յուշարձանին: Այնուհետեւ քաղաքապետը աշնակցիներու եւ Աշնակ այցելած հարիւրաւոր հայորդիներու հետ միասին շարժած է դէպի Գէորգ Չաւուշի թանգարան: Յատկանշական է, որ այս տարի ֆետայական աւանդատօնին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Գէորգ Չաւուշի թանգարանի` «Ֆիտայատան» աշտարակին տեղադրուած է Հայոց արծիւի քանդակը: Ճարտարապետ Լեւոն Մկրտչեանի նախագիծով եւ քանդակագործ Գէորգ Գէորգեանի կողմէ իրականացուած արծիւի քանդակի հանդիսաւոր բացման պատիւը վերապահուած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին: Ներկաները կը նշէին, որ տարիներ անց կեանքի կոչելով թանգարանի շէնքի հեղինակ, ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի` հայեացքը դէպի Էրգիր ուղղած, թռիչքի պատրաստ արծիւի քանդակը թանգարանի աշտարակին տեղադրելու մտայղացումը, ըստ էութեան, աւարտուն տեսք հաղորդած է ազգային ազատագրական պայքարի հերոս Գէորգ Չաւուշի թանգարանին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Տարօն Մարգարեանին նախաձեռնութեան համար` տօնախմբութեան մասնակիցները նաեւ ընդգծած են, որ արծիւի քանդակի տեղադրումը կիսատ գործը աւարտին հասցնելու պարտքի կատարում էր նախնիներու հոգիի առջեւ, որ իր հերթին նաեւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան խորհուրդ կը կրէ իր մէջ: Այնուհետեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ծաղիկներ դրած է հերոս ֆետայի զարմիկի` Գէորգ Մելքոնեանի շիրիմին, որու անմիջական ջանքերով ալ ստեղծուած է թանգարանը: Շնորհաւորելով տօնի մասնակիցները` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ տարիէ տարի կ’ընդլայնուի տօնախմբութեան` տարբեր սերունդներու մասնակիցներու թիւը. «Յատկապէս մշեցիների եւ սասունցիների կողմից մայիսի 27-ին մեծ ֆիտայապետ Գէորգ Չաւուշի մահուան օրը որպէս ոգեկոչման տօն նշելը երկար տարիներ աւանդոյթ է եղել: Սա պատմութեան այն եզակի դէպքերից է, երբ հերոսի մահուան օրը վերածւում է իսկական տօնի եւ համազգային տօնախմբութեան: Ու յատկապէս վերջին 2-3 տարիներին առաւել վերաիմաստաւորուած է նշւում այս տօնը, ինչի վառ ապացոյցն է նաեւ հազարաւոր մարդկանց այցելութիւնը Աշնակ: Այս օրը առիթ է մէկ անգամ եւս յիշելու եւ գնահատելու իսկապէս հերոս ֆիտայապետին ու նրա հերոսական մահուան օրինակով հայրենասիրութեան իսկական դասեր առնելու, առաւել եւս, որ ճակատագրի բերումով Գէորգ Չաւուշի մահուան օրը մեր պատմութեան մէկ այլ հերոսական էջի` Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրէին է: Ինձ համար յատկապէս շատ ուրախալի է, որ տօնախմբութեանը տարէցտարի աւելի ու աւելի շատ երիտասարդներ, նաեւ դպրոցականներ են մասնակցում, ինչի արդիւնքում, համոզուած եմ, Չաւուշի ու մեր միւս հերոսների հայրենասիրական ոգին փոխանցւում է նաեւ նրանց, ինչը նրանք հաստատապէս կը փոխանցեն նաեւ մեր յետագայ սերունդներին: Այս տարի նաեւ իրականացրեցինք Գէորգ Չաւուշի թանգարանի հիմնադիրների երազանքը, որը թանգարանը կառուցելիս կիսատ էր մնացել: Մեր մեծանուն ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, ով նաեւ այս թանգարանի ճարտարապետն է եղել, ի սկզբանէ նպատակ է ունեցել շէնքի աշտարակին տեղադրել նաեւ հայեացքը Էրգրին յառած ու թռիչքի պատրաստ արծուի քանդակ: Եւ ահա այսօր, ի ուրախութիւն բոլորիս, մենք իրականացրինք այդ մտայղացումը եւ արծիւն, ինչպէս տեսնում էք, իր տեղում է: Ու տա՛յ Աստուած, որ շուտ գայ այն օրը, երբ մեր անկոտրում կամքի խորհրդանիշ արծիւը իրօք կը թռչի դէպի Էրգիր` յետ նուաճելով մեր պապենական հողն ու ջուրը», – ընդգծած է Տարօն Մարգարեան:
Մինչեւ ուշ երեկոյ համերգային ծրագիրով ուղեկցուող տօնախմբութեան ծիրէն ներս աշնակցիներուն ու Աշնակ այցելած հայորդիներուն ազգային, հայրենասիրական երգ ու պարով ողջունած են մայրաքաղաքէն ժամանած յայտնի երգիչներն ու համոյթները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան
եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն