«Միջին Արեւելքի հայութիւնը դէպի ու՞ր»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/untitled.jpg)
Կազմակերպութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Քարոզչական Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի 21 Մայիս 2014-ի երեկոյեան Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքի Հայութիւնը Դէպի Ո՞ւր» խորագրով զրոյց մը, որուն հիւրն էր պետական երեսփոխան Ժան Օղասապեան։
Զրուցավարութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, պետական երեսփոխան Ժան Օղասապեան հանգանամանօրէն ներկայացուց թեմային առնչուող շահեկան եւ օգտաշատ տեղեկութիւններ, մեկնելով Միջին Արեւելքի իրավիճակէն։
Ձեռնարկին ներկայ էին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Հայր Բարէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Սարգիս Նաճարեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Միքայէլ Վայէճեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, նախկին նախարար Պրն. Վրէժ Սապունճեանը, նախկին երեսփոխան Տոքթ. Եղիա Ճէրէճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Միջին Արեւելքի ապագայով մտահոգ հանրութիւն մը:
Ընկեր Սեւակ Յակոբեան ողջունելէ ետք ներկաները՝ հակիրճ բացման խօսքով մը հորիզոններ բացաւ զրոյցին դիմաց, յիշելով թէ քա՞նի հոգի կը հաշուէ այսօր Հնդկաստանի ատենի Հայ գաղութը, որ ռահվիրան եղած է հրատարակելու հայ առաջին թերթը: Թէ արդե՞օք միեւնոյն ճակատագրին պիտի արժանանայ միջին արեւելքի հայութիւնը:
Ընկեր Յակոբեան իր բացման խօսքին աւարտին ներկայացնելով օրուայ յարգելի զրուցավարն ու հիւրը ՝ բեմ հրաւիրեց զանոնք:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան կատարեց ձեռնարկի ներածականը, անդրադարնալով Միջին Արեւելքի Սահմանումին, եւ Մերձաւոր Արեւելքի հաամառօտակի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերամշակութային զարգացումներուն վերջին դարու ընթացքին: Դոկտ. Տագէսեան ապա հրաւիրեց օրուան հիւր երեսփոխան Ժան Օղասապեանը, որ ներկաներուն փոխանցեց իր տեսակէտները, ինչ կը վերաբերի միջին արեւելքի հայութեան ժողովրդագրական, տնտեսական եւ համարկումի պատկերներուն: Շուտով անցնելու Հայերը Լիբանանի Մէջ, 1990էն առաջ թեմային, թէ ո՞ւր Յառաջդիմեցինք եւ Ո՞ւր՝ չյառաջդիմեցինք: Ի՞նչ են մեր յառաջադրանքներն ու միջոցները: Յարգելի հիւրը ապա շեշտը դրաւ Լիբանահայութեան դերին, անկնկալութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն վրայ, առաջարկելով լուծման ուղիներ:
Ան եզրակացուց, թէ լիբանանահայութիւնը աւելի եւս պէտք է միջամուխ ըլլայ եւ գործնական մասնակցութիւն բերէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին, որ բնականաբար պիտի զօրացնէ լիբանանեան պատկանելիութեան իր զգացումն ու գիտակցութիւնը հետեւաբար լիբանանահայը աւելի եւս առնչելով եւ կապելով Լիբանանեան հողին՝ կանխելով արտագաղթը:
Զրոյցի աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն՝ նիւթին առնչուող այլ հարցեր ներկայացնելու հիւր երեսփոխանին, որոնց կարգին յատկանշական էր ներկայ երիտասարդներու կողմէ եկող հարցումներ, որոնք կը կեդրոնանային կենսական նիւթի մը վրայ, թէ պետութիւնն ու լիբանանահայ կազմակերպութիւններն եւ քաղաքական դէմքերը ի՞նչ կ՛ընեն երաշխաւորելու երիտասարդութեան՝ շրջանին մէջ գոյատեւումը, տնտեսական բարեկեցութիւնը եւ ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու: Պարոն Օղասապեան իր կարգին լաւագոյնս գոհացուց բոլոր հարցադրողները:
Աւարտին՝ ձեռնարկը պատուող ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Հայր Բարէն Ծ. Վարդապետ Վարդանեանը Միջին Արեւելքի Հայ Ժողովուրդին նուիրուած յատկանշական Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան