12 փոքրիկ վկայեալներ՝ Կիլիկեան մանկապարտէզէն

Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը եօթը տարի յետոյ, 2021ին, պիտի դառնայ 100ամեայ…:

Անկասկած, շատ կարեւոր հանգրուան մըն է ասիկա մեր այս պատմական դպրոցին համար։ Յուզում, հպարտութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջացնող հանգրուան մը։

Այդ խանդավառութիւնը, երէկ՝ Կիրակի Մայիս 18ին, կը կարդացուէր արդէն դէմքերուն վրայ այն բոլոր կիլիկեանցիներուն, որոնք մէկտեղուեր էին Կրթասիրաց Մշակ. Միութեան հանդիսասրահը՝ ողջունելու համար իրենց սիրելի վարժարանին մանկապարտէզի նոր հունձքը։

12 երախաներ պիտի ստանային կեանքի իրենց անդրանիկ վկայականը։ Դպրոցական երեք տարեշրջաններու պտուղն էր այս. բայց ի՜նչ արտասովոր տարեշրջաններ…: Հալէպի պատերազմական իրավիճակը տակնուվրայ ըրած էր ամէն ինչ։ Կիլիկեան Մանկապարտէզն ալ, այլ դպրոցներու նման, ստիպողաբար հեռացեր էր Սիսի թաղամասի իր հարազատ բոյնէն ու ժամանակաւոր ապաստան գտեր էր Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակ. Միութեան ակումբէն ներս։ Բայց ճիգ չէր խնայուած՝ որպէսզի ուսման ընթացքը չտուժէ, երախաները չզրկուին ուսանելու իրենց իրաւունքէն։

Ճաշակով յարդարուած բեմին վրայ ամբողջ երկու ժամ ունկնդրեցինք մեր սիրասուն փոքրիկներուն թոթովախառն արտասանութիւնները, դիտեցինք անոնց հրամցուցած պարերը։ Վկան եղանք թատրոն խաղալու անոնց առաջին փորձերուն։ Ծափահարեցի՛նք զիրենք։

Իմաստալից կարճ ուղերձով մը արտայայտուեցաւ դպրոցին տնօրէնուհին՝ Տիկին Անի Մելքոնեան-Պօյաճեան։

Այս ամբողջէն ետք՝ հաճելի անակնկալ մը պատրաստուած էր մեզի։

Յայտարարուեցաւ, թէ Մանկապարտէզէն ներս 30 տարուան իր ծառայութեան համար պիտի մեծարուէր Օր. Մատլէն Մելքիսէթեանը:

Յատկապէս այս առիթով պատրաստուած էր եւ ցուցադրուեցաւ սեւ-ճերմակ ու գունաւոր լուսա նկարներու շարք մը, ուր կը տողանցէր 0ր. Մելքիսէթեան՝ իր վաղ մանկութեան երջանիկ օրերէն մինչեւ Հայաստան ուսումնառութիւնը, ՀՄՄ-ի շրջանակէն ներս ծաւալած ակումբային գործունէութենէն մինչեւ Կիլիկեան Մանկապարտէզ, որուն վարիչ-մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը ստանձներ էր լման 25 տարի, 1986էն սկսեալ…: Ժապաւէնը պատրաստուած էր ու տեղւոյն վրայ կը մեկնաբանուէր Սալբի Գասպարեանի կողմէ։

Օր. Մելքիսէթեան չկրցաւ ծածկել իր յուզումը՝ երբ ծափահարութիւններու տարափին տակ բեմ հրաւիրուեցաւ ու ստացաւ յիշատակի նուէր մը։ Իր կեանքին ամենէն կայտառ 3 տասնամեակները նուիրած էր այս մանկապարտէզին։ Այսօրուան երախաներուն ծնողներն անգամ իր երբեմնի աշակերտները եղեր էին…:

Հանդէսին «Հուսկ բանք»ը արտասանեց ու վկայականաց բաշխումը կատարեց Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան։

Ամէն ոք ուրախ էր որ տարեշրջան մը եւս փակուեցաւ՝ անփորձանք ու հեզասահ։

Վկայական ստացան հետեւեալ 12 փոքրիկները.- Իսկէնեան Արման, Այվազեան Անդրանիկ, Պչաքճեան Զօհրապ, Պչաքճեան Մարինա, Ֆերմանեան Լեւոն, ԽոշաՖեան Յակոբ, Գարագաշեան Աննա-Մարիա, Էօրտէքեան Լիլիթ, Թիւմթիւմեան Մակի, Գապալան Ովսաննա, Գապալան Վեհանոյշ եւ Պէքէրեան Նուշիկ։

ԼՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up