Վարուժան Գունտաքճեան Կ՛արժանանայ «Կիլիկիոյ Ասպետ» Շքանշանին

Իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը, որ իր շրջապատի սիրոյն եւ յարգանքին արժանացած է եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին բարիքներ բաշխած, նիւթապէս ու բարոյապէս հասած կարիքաւորներուն ու ազգային կառոյցներուն, անցեալ Ուրբաթ օր, Մայիս 16ին, «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, ընկերական եւ բարեկամական շրջանակի մը ներկայութեամբ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ ստացաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը, որ իրեն շնորհուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Սրբազանը ընթերցեց այս առթիւ վեհափառին հրապարակած կոնդակը:
Վարուժան ծնած է ութսուն տարի առաջ, Ապրիլ 24ին: Ընտանիքն ու ընկերները իր տարեդարձը միշտ ուրիշ օր նշած են: Նոյնն ալ եղաւ այս անգամ: «Ասպարէզ»ի եւ Հայ մշակութային ընկերակցութեան կողմէ Վարուժանի ութսունամեակը տօնելու գաղափարը Վարուժին ընդունելի դարձնելու համար, առաջադրուած էր փոխան նուէրի՝ հանգանակել գումար մը, այս օրերուն ամէնէն շատ կարիք ունեցողներուն՝ Քեսապի գաղթական հայորդիներուն համար: Իրապէս ալ երեկոյին ընթացքին հանգանակուեցաւ շուրջ 75,000 տոլար, որ Սուրիահայութեան Օգնութեան Միացեալ մարմինին ճամբով պիտի հասնի Քեսապի գաղթականներուն: Երեկոյին ներկայ էին Միացեալ մարմինի նախագահ Զաւէն Խանճեանն ու Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչ Վարդան Փօլատեանը: Նուիրատուներու ցանկը կը հրատարակենք առանձին:
Մթնոլորտը ջերմ էր: Երեկոյի ընթացքին խօսք առին Ամերիկա հաստատուած առաջին տարիներուն Վարուժանի՝ «Համազգային»ի ճամբով մշակութային, թատերական գործունէութեան ընկերները՝ Վահագ Սաւուլեանը, Ժանօ Թիթիզեանը, Կարպիս Թիթիզեանը, Արմէն Տէյիրմէնճեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանը:
Խօսք առնողները անդրադարձան Վարուժանի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի կազմակերպման մէջ անոր բերած ներդրումին, ազգային կառոյցներուն մէջ անոր տարած գործունէութեան, տիպար դաշնակցականի անոր նկարագիրին, որեւէ տագնապ դիմագրաւելու իր պատրաստակամութեան եւ կրթական-դպրոցական, մշակութային-մարզական, քաղաքական-հասարակական աշխատանքներու մէջ իր դերակատարութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կոչին առաջին ընդառաջողներէն էր Վարուժանը, որուն կեանքը յեղաշրջուեցաւ Ղարաբաղեան շարժումի օրերուն ու անկէ ետք: Վարուժան մեկնեցաւ երկիր եւ այնտեղ շարունակեց իմաստաւորել իր կեանքը՝ դարձեալ բարեգործութեամբ, սակայն այս անգամ նաեւ՝ գործարարութեամբ: Ծանր տարիներուն ան արդէն իսկ որոշած էր Հայաստան հաստատուիլ ու առաջին կարեւոր քայլը առաւ՝ գնելով բնակարան մը: Ապա անցաւ փնտռտուքի, գործի կարելիութեանց ուսումնասիրութեան: Ինք, Մանաս Պուճիքեանի հետ միասին, առաջիններէն էր, որ Կորպաչեւի օրերուն իսկ Հայաստանի մէջ գործ բանալ փորձեց: Չվհատեցաւ ու ի վերջոյ յաջողեցաւ եւ մտաւ շինարարական ոլորտը: Ո՛ւր ալ ըլլայ, Վարուժան կը քարոզէ հայրենիքի մէջ գործ բանալու կարեւորութիւնը:
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան իբրեւ անդամ, ան մեծ հաճոյքով մասնակցած է այդ կազմակերպութեան ձեռնարկած դպրոցաշինութեան ծրագիրին՝ ստանձնելով քանի մը դպրոցներու վերանորոգման ծախսերը:
Ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Վարուժանի կինը՝ Արմինէն, որ կը բաժնէ ամուսնոյն սէրն ու պաշտամունքը Հայաստանին ու Արցախին, հայ մշակոյթին ու արուեստին հանդէպ:
Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ ինք՝ Վարուժանը: Պարզ ու ջինջ իր հոգիին պէս, ան խօսեցաւ իր ամերիկեան տարեգրութեան առաջին շրջանի դժուարութիւններուն, դաշնակցական ընտանիքի մէջ իր գտած ջերմութեան, հայրենիքի մէջ ապրելուն ընձեռած երջանկութեան ու կեանքի իմաստաւորման մասին:
Զուգադիպաբար, այդ օրը Վարուժանի երկարամեայ ընկերոջ ու գործակիցին՝ Մանասի, տարեդարձն էր, որ նշուեցաւ այդ երեկոյ՝ հաճելի անակնկալ մը մատուցելով նաեւ Մանասին:
Երեկոյի ընթացքին «Կիլիկիա» երգով հանդէս եկաւ երգչուհի Սիպիլը, իսկ Քարլիթօ Պոզօղլեանը ծիծաղ բաշխեց իր հաճելի կատակախօսութեամբ: