Ֆրիտեոֆ նանսեն. Հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայ դատի անկեղծ պաշտպանը
Հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն իրենց արժանի տեղը գրաւած բազում հայասէրներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ լուսապսակով կը ներկայանայ նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնը։ 84 տարի առաջ, Մայիս 13-ին, առ յաւէտ փակուեցան այնքան դաժանութիւն եւ տառապանք տեսած աչքերը Նորվեկիոյ մեծանուն այս զաւակին։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային հերոսի դափնեպսակին արժանացուցած է Նանսէնը, իսկ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ բեկորներու յիշողութեան մէջ երախտագիտութեան խոր զգացումներով կը պահպանուի անունը այս եզակի հայասէրին։
Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին հետ Նանսէն առընչուեցաւ իր կեանքի վերջալոյսին, 1922-1923-էն սկսեալ, բայց այնուհետեւ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, Նորվեկիոյ այս ազնուական զաւակը ծառայեց քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան վէրքերու դարմանումին եւ ցաւերու ամոքումին։
Ծնած էր 1861 Հոկտեմբեր 10-ին, Քրիսթիանիա քաղաքի (այժմու մայրաքաղաք Օսլոյի) արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Հայրը յաջողած ու յարգուած իրաւաբան մըն էր, որ իր բարեպաշտ ու աստուածավախ վարքով խոր անդրադարձ ունեցաւ Նանսէնի կազմաւորման վրայ։ «Անձնական պարտաւորութեան եւ բարոյական սկզբունքի» շեշտակի զգացողութիւնը Նանսէն ժառանգած էր իր հօրմէ։ Իսկ մայրը, որ բնութենապաշտ էր եւ բացօթեայ մարզանքներու մեծ հակում ունէր, իր զաւկին մէջ զարգացուց մարզիկի (դահուկորդ) եւ կենդանաբանի ու ովկիանոսագէտի ընդունակութիւնները։ Այդ ճամբով էր, որ Նանսէն դարձաւ միաժամանակ մեծ մարզիկ ու հետախոյզ, գիտնական եւ գրող, պետական գործիչ եւ աշխարհահռչակ մարդասէր։
Երիտասարդական իր շրջանին, անընդմէջ ութ տարի շարունակ, Նանսէն հանդիսացաւ Նորվեկիոյ դահուկարշաւի ախոյեանը։
1880ին ընդունուեցաւ Օսլոյի Համալսարանի բնական գիտութեանց բաժինը եւ նուիրուեցաւ կենդանական մարմիններու նեարդային համակարգի ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ ովկիանոսագիտական հետազօտութիւններու։ 1887-ին իր աւարտած ուսումնասիրութիւնը՝ կենդանի էակներու նեարդային կեդրոնական դրութեան մասին, Նանսէնի ապահովեց բնական գիտութեանց տոքթորի աստիճան, անոր առջեւ բանալով հեղինակաւոր Պերկընի թանգարանի գիտաշխատողի նախանձելի ասպարէզը։
Հազիւ համալսարանէն վկայուած, 1888-ին, Նանսէն ձեռնարկեց տարիներու իր երազին իրագործման՝ հիւսիսային բեւեռը հետազօտող առաքելութեան մը կազմակերպումին։ Սառցակալած ովկիանոսը կտրելով դէպի հիւսիսային բեւեռ յառաջանալու եւ էսքիմոներու կեանքին, ինչպէս նաեւ կենդանական աշխարհի առանձնայատկութեանց մօտէն ծանօթանալու հետախուզական առաջին այդ առաքելութիւնը ամիսներ տեւեց՝ բնական դաժան պայմաններ եւ դժուարութիւններ յաղթահարելու եզակի փորձառութիւն մը շնորհելով Նանսէնի։ Երիտասարդ հետախոյզին եւ նեարդաբանութեան ու ովկիանոսագիտութեան մասնագէտին համար այդ առաքելութիւնը պարզապէս սկիզբ մը եղաւ։
Նանսէն կազմակերպեց նաեւ հետախուզական երկրորդ առաքելութիւն մը, որուն յաջողութեան համար յղացաւ գաղափարը սառցակալած ովկիանոսը կտրելու յարմարութիւններով օժտուած բոլորակաձեւ նաւու մը կառուցման («Ֆրամ»՝ «դէպի յառաջ» անուանեց իր նաւը): Նանսէն ոչ միայն կարելի դարձուց երկրորդ առաքելութեան յաջողութիւնը, այլեւ՝ իր առաջին նուաճումը ունեցաւ՝ ազնիւ նպատակի մը համար նիւթական աղբիւրներ գտնելու յետագայ իր ասպարէզը նախապատրաստելով։
Հետախուզական ու գիտական իր ծառայութեանց առ ի գնահատանք՝ Նանսէն նշանակուեցաւ Օսլոյի համալսարանի նորահաստատ ովկիանոսագիտութեան բաժնի վարիչ-տնօրէն, պաշտօն՝ որ շուտով անցումի հանգրուան մը պիտի ըլլար դէպի Նանսէն պետական գործիչի հանրային ու քաղաքական աշխոյժ ծառայութեան ասպարէզը։
Մինչեւ 1900-ականները Նորվեկիա մաս կը կազմէր Շուէտի թագաւորութեան։ Բայց անկախութեան ձգտումները եւ ազգային ուրոյն պետականութեան ստեղծման պահանջները սկսած էին լայն հող գտնել Նորվեկիացիներու մօտ։ Նանսէն դարձաւ դրօշակիրը Նորվեկիոյ անկախացման։ Յարաբերութիւնները սրած ու լարուած էին Շուէտացիներուն եւ Նորվեկիացիներուն միջեւ։ Նանսէն ի գործ դրաւ անձնական մեծ հեղինակութիւն վայելող հանրային դէմքի եւ յաջող բանագնացի իր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի առճակատումի չերթան զոյգ երկիրներու յարաբերութիւնները։
Յատկապէս երկու ուղղութիւններով մեծ եղաւ Նանսէնի անձնական ներդրումը Նորվեկիոյ անկախացման մէջ։
Առաջի՛ն. հակառակ անոր, որ Նորվեկիացիներու մեծամասնութեան մօտ ուժեղ էր յետանկախացման շրջանի Նորվեկիան լիարժէք հանրապետութիւն հռչակելու տրամադրութիւնը եւ Նանսէնի կողմնակիցները կը փափաքէին զինք տեսնել Հանրապետութեան նախագահի կամ վարչապետի պաշտօնին, այսուհանդերձ Նանսէն պահու թելադրանքով առաջնորդուեցաւ, անձնական փառասիրութիւններ չունեցաւ եւ մտածեց, որ թագաւորական կարգեր հաստատելով եւ Դանիոյ թագաւորական ընտանիքէն Քարլ իշխանը նորանկախ Նորվեկիոյ թագաւորութեան գահին բազմեցնելով՝ կարելի պիտի ըլլար Շուէտի թագաւորին համաձայնութիւնը ապահովել։ (Նանսէն ճիշդ կողնորոշուած էր եւ իշխան Քարլ դարձաւ 1905ին իր անկախութեան տիրացած Նորվեկիոյ Հաաքոն Եօթներորդ թագաւորը)։
Երկրո՛րդ. ի նպաստ Նորվեկիոյ անկախութեան ժամանակի եւրոպական ամենէն ազդեցիկ ուժին՝ Մեծն Բրիտանիոյ համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով, Նանսէն ուղղուեցաւ Լոնտոն, ուր աւելի քան ամիս մը մնաց եւ սերտ կապեր հաստատեց թէ՛ թագաւորին, թէ՛ ալ վարչապետին հետ։ Ապահովեց նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Նորվեկիոյ անկախութեան միջազգային ճանաչումին։ 1905ին անկախ Նորվեկիոյ հաստատումէն ետք, Նանսէն ստանձնեց Նորվեկիոյ դեսպանի պաշտօնը Մեծն Բրիտանիոյ մօտ, 1906էն 1908: Մինչ միջազգային իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու իմաստով դեսպանութեան այդ տարիները արդիւնաւէտ եղան, անձնական կեանքի առումով եղան ծանր դժբախտութեան ժամանակաշրջան մը, որովհետեւ 1907ին Նանսէն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Էվա Նանսէնը։
Կնոջ կորուստէն ետք Նանսէն հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէ եւ իր լրիւ ժամանակը յատկացուց համալսարանական պաշտօնավարութեան եւ աղջկան հոգատարութեան։ Բայց մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտ տեւեց կեանքի այդ եղանակը։ Պատերազմի բռնկումին հետ, Նորվեկիա չէզոքութիւնը ընտրեց, բայց տնտեսական դժուարութեանց առջեւ կանգնեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգները պատերազմի մէջ մտան եւ արգելք դրին դէպի Նորվեկիա ապրանքներու առաքման վրայ։ Նանսէնի վիճակեցաւ դիւանագիտական նոր առաքելութիւն մը, այս անգամ Ուաշինկթընի մօտ, տնտեսական արգելքը վերցնելու բանակցութեանց համար։ Այդ առաքելութիւնը եւս յաջողութեամբ աւարտեց Նանսէն։
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի օրերուն սկսած էր հասուննալ Ազգերու Լիկայի կազմութեան գաղափարը։ Նանսէն սրտանց ջատագովը եւ աջակիցը եղաւ Լիկայի կազմութեան ճիգերուն։ Եւ երբ կազմուեցաւ Ազգերու Լիկան, շտապ կարգով Նանսէնի առաջարկուեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի տարածքին ցիրուցան դարձած գերմանացի ռազմագերիներու հաւաքման, պատսպարման եւ տուն դարձի ծայր աստիճան պատասխանատու առաքելութիւնը։ Հակառակ խորհրդայիններու սկզբնական դժկամութեան, Նանսէն յաջողեցաւ ընդունելի խօսակից մը դառնալ պոլշեւիկներուն եւ պատուաբեր արդիւնքի տարաւ Լիկայի կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։
Իր այդ յաջողութիւնը հիմք ծառայեց, որպէսզի Ազգերու Լիկան Նանսէնի յանձնէ Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի պատասխանատւութիւնը։ Իր այդ պաշտօնին վրայ, պատմական տարողութեամբ նուաճում մը արձանագրեց Նանսէն, երբ Յունաստան-Թուրքիա պատերազմին եւ Իզմիրի աղէտին հետեւանքով յառաջացած աւելի քան մէկ միլիոն յոյն եւ հայ տեղահաններու Յունաստան տեղափոխութիւնը, իսկ Թրակիոյ շրջանէն շուրջ կէս միլիոն Թուրքերու Թուրքիա տեղափոխութիւնը յաջողութեամբ կազմակերպեց։ Նաեւ կեանքի կոչեց գաղթականներու անցագրային յատուկ դրութիւն մը, որ Լիկայի օրհնութեան արժանացաւ եւ աւելի քան 52 երկիրներու կողմէ ճանչցուեցաւ՝ Նանսէնեան Անցագիր անունը ստանալով եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ալ ի զօրու մնալով։
Իր այդ նուաճումին համար, 1922-ին, Նանսէն արժանացաւ Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակին։
Նոյն այդ շրջանին էր, որ Ազգերու Լիկայի Գաղթականութեան Յանձնակատարի իր պաշտօնով, Նանսէն լծուեցաւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայ գաղթականութեան հոգատարութեան դժուարին աշխատանքին։
Նանսէն 1925ին Հայաստան այցելեց, մօտէն հետեւելու համար Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրող արեւմտահայ գաղթականութեան հոգատարութեան գործին։ Ան միաժամանակ Միջին Արեւելքի մէջ ցրուած հայ գաղթականութեան հոգատար պահապանը դարձաւ եւ մինչեւ իր վախճանը 1930ին, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ վերապրող հայութեան վէրքերը դարմանելու եւ մեծ վիշտը ամոքելու համար։
Մեծ մարդասէրին եւ հայապաշտպանին յիշատակին նուիրւած յուշատետրի այս հակիրճ սիւնակը կ՚արժէ եզրափակել հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին վերաբերեալ Նանսէնի հետեւեալ խորհրդածութեամբ, որ միանգամայն անոր պատգամն է մեր սերունդներուն.-
«Եւրոպական ժողովուրդներն ու պետական գործիչները յոգնած են մշտնջենական Հայկական Հարցէն: Ատիկա ինքնըստինքեան հասկնալի է: Չէ՞ որ այդ հարցը անոնք ձախողեցուցին: Հայաստան անունը անոնց նիրհած խիղճերուն մէջ կ՚արթնցնէ սոսկ ուրացուած կամ չկատարուած խոստումներու տհաճ յիշողութիւններ: Անոնք իրենց մատը մատին չզարկին՝ իրենց խոստումները կատարելու համար, քանի որ այդ խոստումները տրուած էին թէեւ փոքր ու արնաքամ, սակայն շնորհալի ժողովուրդի մը, որ չունէր նաւթի ու ոսկիի հանքավայրեր: Կը կարեկցիմ հայ ժողովուրդին, որ խճճուեցաւ եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Հայ ժողովուրդին համար աւելի լաւ կրնար ըլլալ, եթէ իր անունը երբեւէ հնչած չըլլար եւրոպացի ոեւէ քաղաքագէտի բերնէն»…
Պատահականօրէն չէ կատարւած Նանսէնի այն հաստատումը, թէ՝ «Հայ ազգի պատմութիւնը ամբողջութեամբ փորձարկում է: Գոյապահպանութեա՛ն փորձարկում»:
Նազարէթ Պէրպէրեան, Ժընեւ
«Նոր Յառաջ»