Թուրքիոյ դէմ 90 միլիոն եւրօյի տուգանք՝ Կիպրոս ներխուժումին համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/13.05.21.jpg)
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը (ՄԻԵԱ) Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ 1974ին Կիպրոս ներխուժման համար 90 միլիոն տոլար վճարել: Ինչպէս ծանօթ է 2001ին ՄԻԵԱ-ն «Կիպրոսը ընդդէմ Թուրքիոյ» գործին մէջ Անգարան մեղաւոր ճանչցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի դրոյթներու բազմաթիւ խախտումներով, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գրաւած էին կղզիի հիւսիսային հատուածը: Օրին, սակայն, չէր յստակացուած փոխհատուցման գումարին չափը:
Այժմ Սթրազպուրկի դատարանը պարտադրած է Անգարային` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում 30 միլիոն եւրօ վճարել անյայտ կորսուած անձերու ընտանեկան պարագաներուն եւ 60 միլիոն եւրօ` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում Քարփաս թերակղզիին մէջ բնակող Յոյն կիպրացիներուն: «Կիպրոսի կառավարութիւնը պէտք է ստացած գումարները փոխանցէ առանձին զոհերուն` Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի հսկողութեան տակ», ընդգծած են Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանէն աղբիւրներ:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու մեկնաբանելով ՄԻԵԱ-ի որոշումը, նշած է, որ անիկա կը վնասէ կղզիի համայնքներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթին: Աւելի՛ն, ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այդ գումարը պիտի չվճարէ` նշելով.- «Մենք նպատակայարմար չենք նկատեր դատարանի վճիռին գործադրումը: Դատարանը զանցած է իր լիազօրութիւնները»:
«Նոր Յառաջ»