Գիտաժողով Ռումանական Տումպրաւէն Քաղաքին Մէջ

Մայիս 16-18 Թրանսիլվանիոյ Տումպրաւէն քաղաքին մէջ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, տեղական իշխանութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան մասնաճիւղի, Կլուժի Պապեշ-Պոլեայի համալսարանի եւ Ռումանական Ակադեմիայի Թրանսիլվանիոյ մասնաճիւղի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Տումպրաւէնի էթնիկ եւ մշակութային ազդեցութիւնները» թեմայով գիտաժողով: Գիտաժողովին ներկայ էին Տումպրաւէնի քաղաքապետ Ճորճեթա Իրիմիէն, Սիբիուի նահանգային եւ Թարգու Մուրեշի շրջանային խորհուրդի անդամներ, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչը, Կլուժի Պապեշ-Պոլեայի համալսարանի փոխ-տնօրէն Իոան Պոլովանը, տասնեակ հետազօտողներ:

Հաշուի առնելով հայերու 300-ամեայ ներկայութիւնը Տումպրաւէնի մէջ, որ կը համարուի Թրանսիլվանիոյ հայկական կեդրոններէն մէկը, զեկոյցներու գերակշռող մեծամասնութիւնը նուիրուած էր Տումպրաւէնի հայկական հետքին, ժառանգութեանն ու ականաւոր անհատներուն:

Պապեշ-Պոլեայի համալսարանի փոխ-տնօրէն Իոան Պոլովանը եւ համալսարանի Մշակութային ժառանգութեան բաժանմունքի ղեկավար Անա Վիքթորիա Սիման անգնահատելի համարեցին Թրանսիլվանիոյ մէջ հաստատուած հայերու ներդրումը տարածաշրջանի սոցիալ-տնտեսական եւ կրթա-մշակութային կեանքին մէջ, ազգային փոքրամասնութիւններու համերաշխ գոյակցութեան բերած նպաստին: Բանախօսները վերահաստատեցին Պապեշ-Պոլեայի համալսարանի գիտական հետաքրքրութիւնը հայագիտութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ժամանակի պատմական փաստերու վերհանման եւ ներկայացման:

Գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին քաղաքի` Թրանսիլվանիոյ Հայոց թանգարան եւ 250-ամեայ «Սուրբ Եղիսաբէթ» հայ կաթողիկէ եկեղեցի, այնտեղ ունկնդրեցին հատուածներ հայկական Պատարագէն:

Դեռեւս 2012թ. Տումպրաւէնը եղբայրացած է Հայաստանի Նոյեմբերեան քաղաքին հետ, որ լրացուցիչ խթան է քաղաքի հայկական աւանդոյթներու պահպանման համար: Այս մասին կը տեղեկանեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up