20րդ Դարու Ցեղասպանութեանց Ոգեկոչման Նուիրուած Իւրայատուկ Ձեռնարկ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/0000Apick3-199x300.jpg)
Ապրիլ 24ի երեկոյեան, մրցանակակիր դերասանուհի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Մերի Ափիկի հիւրընկալութեամբ, 20րդ դարու ցեղասպանութեանց զոհերու ոգեկոչման իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ափիկի բնակարանին մէջ:
«Անմոռանալի» ընդհանուր խորագիրին տակ կազմակերպուած մոմավառութեան այս ձեռնարկի ներկաներուն շարքին էին դերասաններ Էսայ Մորալէս ու Քեն Դաւիթեան, Քոնկրեսի ընտրութեանց թեկնածու Լիլի Կիլանի եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ երգիչներ Էնտի եւ Շանի:
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը «Թորի Փայնզ» դրամատան, Մայքըլ Դիլիճանիի, Մերի Ափիկի, «Մեմորա» հիմնարկին եւ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան: Անոր ընթացքին յիշատակուեցան ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը, այլ նաեւ՝ Հրէական Ողջակիզման, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի եւ այլ շրջաններու ցեղասպանութեանց միլիոնաւոր զոհերը:
Ընթրիքէն ետք, Մերի Ափիկ խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման կարեւորութեան մասին, որմէ ետք Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան ատենապետ Ճերալտ Փափազեան խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու եւ զանոնք «Շօա» հիմնարկի ցանցին միջոցաւ ամբողջ աշխարհին աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով տարուող աշխատանքներուն մասին:
Իր կարգին, մրցանանակիր հեղինակ դոկտ. Արի Պապաքինա խօսեցաւ Հրէական Ողջակիզման եւ զայն ուրանալու նպատակով Իրանի եւ աշխարհի այլ վայերու մէջ տարուող ջանքերուն մասին, իսկ Քամպոտիոյ ջարդերէն վերապրած Ֆանի Լակուերէ իր եւ իր ընտանիքին ահաւոր փորձառութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ: Նաեւ, Ռուանտայի ջարդերուն ընթացքին իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած Էտիթ Ումուկիրանեզա խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին:
Այս զգայացունց վկայութիւններէն ետք, Սայիտ Մոհամետի երգեց «Իմեճին» երգը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զոհերու յիշատակին մոմավառութիւն:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սելինա Մոլինա եւ Մանիկ Մանուկեան, որ ներկայացուց «Տէր Ողորմիա»ն:
Ձեռնարկին ընթացիքն, օրուան երաժշտական բաժինի ղեկավար Հոմայուն Խոսրավի իր թաւջութակով ընկերակցեցաւ նշեալ ցեղասպանութիւններէն առնուած տեսարաններու ցուցադրութեան:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Կրեկըրի Զարեան, իսկ դոկտ. Արի Պապաքինայի նուիրուած արուեստի գործի մը աճուրդը կատարեց Ազիթա Շիրազին:
Գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի «Մեմորա» եւ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ ուսանողներու կրթանպաստներուն: