Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէն Մինչեւ Հատուցում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/0000Bazyler3-240x300.jpg)
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագէն վերջ, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի զաւակները հետաքրքրող խիստ այժմէական դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր «Չեփմըն» համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս փրոֆ. Մայքըլ Պեզլըր, որ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Անոր ճանաչումէն մինչեւ փոխհատուցում ու միջազգային ատեան» նիւթը:
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լինտա Ալեքսանեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց դասախօսին կեանքն ու գործունէութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց զինք:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, յոյս ներշնչող այս բացառիկ դասախօսութիւնը կ՛առնչուէր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու փոխհատուցման կարեւոր հարցին:
Փրոֆ. Մայքըլ Պեզլըր, որ հմուտ մասնագէտ է ցեղասպանութեանց, նախ անդրադարձաւ Համաշխարհային ատեանին, որ առաջին անգամ կազմուած է Ազգերու լիկային կողմէ: ՄԱԿը իր Ապահովութեան խորհուրդին միջոցաւ ճնշում կը բանեցնէ՝ ստիպելով, որ այս ատեանին վճիռները գործադրուին: Դասախօսը այս հակիրճ տեղեկութիւնները տալէ ետք, կանգ առաւ Համաշխարհային ատեանի մէկ շատ կարեւոր որոշումին վրայ, որ կ՛ըսէ. «Երբ ազգեր կը խախտեն օրէնքներ ու կ՛ուրանան իրաւունքներ, անհրաժեշտ է զօրաւիգ կանգնիլ արդարութեան յայտնաբերման ու պահանջել փոխհատուցում»: Բանախօսը բացատրեց, որ եթէ նման պահանջատիրական դատ մը բացուի, ապա շատ հաւանաբար, երկար ժամանակ պահանջուի մինչեւ արդար որոշումի մը կայացումը: Այժմ, հատուցումներ կը պահանջուին բոլոր քանդուած եւ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցիներուն ու հաստատութիւններուն համար, որոնք ներկայիս Թուրքիա կը գտնուին:
Փրոֆ. Պեզլըր նշեց այն երկիրներուն անունները, որոնք դիմած են Միջազգային արդարութեան դատարան եւ հասած են արդար լուծումի՝ ստանալով փոխհատուցում: Այդ երկիրներն են՝ Աւստրալիա (ընդդէմ Ճափոնի), Պոսնիա (ընդդէմ Սերպիոյ), Խրուաթիա (ընդդէմ Պոսնիոյ):
Դասախօսը նաեւ նշեց, որ 1990ականներուն, երբ ինք աշխատանք կը տանէր՝ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրողներու արդար իրաւունքները ապահովելու, հայ անձնաւորութիւն մը կապ հաստատած է իրեն հետ՝ տալով գործնական նշանակութիւն ունեցող որոշ գաղափարներ, ուստի երկու տարի առաջ իր գրած «From Lamentation and Liturgy to Litigation» («Ողբէն Եւ Պաշտամունքէն Դէպի Դատավարութիւն) յօդուածը՝ Ողջակիզումէն վերապրողներու փոխհատուցման մասին, կրնայ լաւ ուղեցոյց մը ըլլալ Հայկական Ցեղասպանութեան փոխհատուցման պահանջներուն՝ ամերիկեան դատարաններու մէջ:
Ան ներկաներուն քանի մը օրինակներ նուիրեց իր 58 էջէ բաղկացած յօդուած-գրքոյկէն, որուն մէջ ուղեցոյց մը ներկայացուած է հայ ժողովուրդին, ամերիկեան դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու մասին, բռնագրաւուած եւ քանդուած եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն առնչութեամբ: «Ամերիկեան դատարանները կը շարունակեն իրենց պահանջատիրական աշխատանքները՝ Թուրքիոյ եւ անհատական հաստատութիւններուն դէմ», աւելցուց փրոֆ. Պեզլըր, վստահեցնելով, որ այս անխոնջ աշխատանքները պիտի պսակուին յաջողութեամբ:
Ապա դասախօսը սիրով պատասխանեց ներկաները յուզող հարցումներուն: Դաստիարակչական յանձնախումբը, որպէս շնորհակալութիւն, փրոֆ. Պեզլըրին յանձնեց Արցախի նուիրուած գիրք մը:
Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանիչով»:
Վարձքը կատար Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին:
ԱԶՆԻՒ ՊՐՈՒՆՍՈՒԶԵԱՆ