Վարուժան Յակոբեան Երրորդ Անընդմէջ Յաղթանակը Կը Տօնէ ԱՄՆ Շախմատի Առաջնութեան Մէջ

Գրոսմայստեր Վարուժան Յակոբեան կը շարունակէ իր գերազանց ելոյթը Սենթ Լուիսի մէջ իրականացուող ԱՄՆ-ի առաջնութեան մէջ:
Եօթերորդ խաղին ան տարաւ երրորդ անընդմէջ յաղթանակը:
Վարուժան սեւերով պարտութեան մատնեց գրոսմայստեր Ռէյ Ռոպսընին եւ այժմ 5 միաւորով միանձնեայ կը գլխաւորէ աղիւսակը: ԱՄՆ-ի առաջնութեան մէջ Յակոբեանի մարտավկան է ընկերը` ողիմպիական եռակի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեանը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը գրէ Armchess կայքը: ԱՄՆ կանանց առաջնութեան հերթական խաղին յաղթանակ տարաւ նաեւ գրոսմայստեր Տաթեւ Աբրահամեան: Ան պարտութեան մատնեց գրոսմայստեր Սապինա Ֆոյշորը: Այժմ Աբրահամեան 6 հնարաւորէ ունի 4 միաւոր եւ կ’ընթանայ երրորդ տեղը: Աղիւսակը 5 միաւորով կը գլխաւորէ գրոսմայստեր Աննա Զատօնսկիխը: