«Հովեր» Պետական Կամերային Երգչախումբը Մասնակցած Է Մոսկուայի «Զատիկ» XIII Հոգեւոր Փառատօնին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/middle_a2d32807a66a8d55a2df8505d3db1bf4-300x225.jpg)
Ապրիլ 15-էն մայիս 9 Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիրիլի բարձր հովանիի ներքոյ` Մոսկուայի մէջ կայացած է «Զատիկ» XIII հոգեւոր փառատօնը:
«Զատիկ» XIII հոգեւոր փառատօնը /գեղարուեստական ղեկավար, աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Գերգիեւ/ ընդգրկած է Ռուսաստանի Դաշնութեան շուրջ 40 քաղաք` Քալինինկրադէն Վլադիւաստոկ: Աւանդաբար, փառատօնի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ երգչախմբային արուեստի համերգաշար, որուն այս տարի, միջազգային 23 հեղինակաւոր երգչախումբերու շարքին մէջ, մեծ յաջողութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը` ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Սոնա Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ: Ս. թ. մայիս 4-7 երգչախումբը ելոյթներ ունեցած է Դմիտրովի Ուսպենսկի Կաթողիկէ տաճարին մէջ եւ Մոսկուայի Սուրբ Երրորդութիւն տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ` բարեգործական համերգով ներկայացած է Քորոլեովի վերականգնողական կեդրոնին մէջ:
Մայիս 7-ին Մոսկուայի Պ. Չայկովսկիի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է փառատօնի երգչախմբային արուեստի կալա համերգը, որուն մասնակցած է «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը, ինչպէս նաեւ երգչախումբեր` Ռուսաստանէն, Չեխիայէն, Ֆինլանտայէն, Գերմանիայէն եւ Վրաստանէն: Ծրագիրին ընդգրկուած էին Ի. Պախի, Ք. Պենտերեցկիի, Ս. Ռախմանինովի, Ա. Լոտտիի, Ֆ. Պուլենկի, Ռ. Շեդրինի, հայ ժամանակակից երաժշտահաններ Դ. Հալաջեանի, Ա. Աւանեսովի հոգեւոր ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` ռուսական ժողովրդական երգի կատարումներ` Ջ. Գեօզալեանի մշակմամբ: Ծրագիրին ընդգրկուած էին նաեւ հատուածներ Կոմիտասի «Պատարագ»-էն, հոգեւոր եւ աշխարհիկ շարքեր, որոնք արժանացած են առանձնայատուկ ուշադրութեան: Հանդիսատեսի բարձր գնահատականին արժանացած է ոչ միայն երգչախումբի բազմաժանր ծրագիրը, այլեւ` բարձր փրոֆէսիոնալիզմը:
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: