Հայ Ինքնութեան Նուիրուած Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Ձեռնարկը

ՌԱԿի քաղաքական թեւը՝ Հայ իրաւանց խորհուրդը, միջոցառում մը կազմակերպած էր՝ «Հայ ինքնութեան ճանաչումը որպէս քաղաքական ռազմավարութիւն» նիւթով. ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, եւ կազմակերպուած էր «Ծանիր Զքեզ» շարժումին գործակցութեամբ։

Սրահը լեցուած էր հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներով եւ մշակութասէր հասարակութեամբ, որոնք ծանօթացան Հայկական լեռնաշխարհին մէջ հայկական ինքնութեան առնչուող նորագոյն փաստերուն:

Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին պատմաբան Գէորգ Նազարեան, գորգագէտ Հրաչ Կէօզիւպէյուքեան եւ հոգեբան դոկտ. Վահան Սէթեան: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Մինաս Գոճայեան։

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան՝ Հայ իրաւանց խորհուրդի տնօրէնը, բացումը կատարեց օրուան հանդիսութեան եւ ներկայացուց խորհուրդին գործունէութիւնները, որոնք Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ կը միտին հայ ազգի ինքնաճանաչումը եւ ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը հզօրացնել: Ան շեշտեց հայ ազգի հազարամեակներու մշակոյթի հարստութիւնը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։

Պատմաբան Գէորգ Նազարեան ներկայացուց հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրելու ջանքերը, որոնք անխոնջ ընթացքով կը տարուին Միացեալ Նահանգներու ուսումնական ամպիոններէն ներս՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Նազարեան ըսաւ, թէ անոնք չեն բաւարարուիր քանդելով հայկական մշակութային եւ եկեղեցական կոթողները, այլեւ կը հրատարակեն կեղծուած ուսումնասիրութիւններ՝ իւրացնել փորձելով հայկական պատմական հնութիւնները: Նազարեան սահիկներով ներկայացուց ներկայ Հայաստանի եւ Եդեսիա (Ուրֆա) քաղաքի մօտակայ բլուրին վրայ տեղի ունեցած հնագիտական պեղումները, որոնք կը կատարուին գերմանական հնագիտական հիմնարկի մը կողմէ։ Հոն գտնուած են հսկայական փաստագրական նորութիւններ այն մասին, թէ այնտեղ ապրած են ուրարտացիները, որոնք եղած են հայ ազգի նախահայրերը։

Յաջորդ բանախօսն էր Հրաչ Կէօզիւպէյուքեան, որ մասնագիտացած է հայկական գորգերու արուեստին մէջ։ Ան անդրադարձաւ դարերու ընթացքին հայ նախնիներուն գործածած հիւսուածեղէններուն եւ անոնց համար գործածուած նիւթերուն, սկսելով բոյսերէն եւ մետաղներէն ու հասնելով մինչեւ բուրդերու տեսակները եւ արդիական հիւսուածեղէններու ժամանակաշրջանը: Ան յատկապէս նշեց, թէ աշխարհի վրայ առաջին անգամ հայ ժողովուրդն է, որ գործածած է կարմիր գոյնի այն երանգները, որոնք կը ստացուէին «որթան» կոչուած միջատէն: Այդ գոյնը մեծածաւալ կերպով գործածուած էր հայկական նշանաւոր գորգերուն եւ հիւսուածեղէնին մէջ:

Երրորդ բանախօսն էր հոգեբան դոկտ. Վահան Սէթեան, որուն ներկայացումը կեդրոնացաւ հայ գիրերու ծնունդին վրայ, նախնադարեան քարանձաւային ժամանակաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ այն ատեն, երբ հայ ազգը ունէր բարձր քաղաքակրթութիւն եւ հաղորդակցութեան լեզու։ Ան սահիկներով ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններուն գործածուած տառերը, որոնք երկար տարիներէ ի վեր եւ մանաւանդ վերջին պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են Հայկական բարձրաւանդակին մէջ։ Ան նշեց նաեւ տարբեր լեզուներու մէջ գործածութիւնը կարգ մը հայերէն բառերու, որոնք հաւանաբար փոխ առնուած են հայերէն լեզուէն, նկատի ունենալով հայ լեզուին դարաւոր գոյութիւնը եւ անոր տարածումը: Դոկտ. Սէթեան նշեց, թէ Մեսրոպեան տառերով, Մեսրոպ Մաշտոց ջանացած է վերականգնել նախաքրիստոնէական հայկական տառերը՝ քրիստոնէական նոր եւ միատեղ շաղախով, որովհետեւ Արշակունեաց թագաւորութենէն ետք, հեթանոսական մշակոյթը, գրականութիւնն ու պատմութիւնը ոչնչացուած էին քրիստոնէական շրջանին։

Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին մը, երբ բանախօսները պատասխաններով գոհացուցին ներկաները։

(Քաղուած՝ Յակոբ Մարտիրոսեանի Թղթակցութենէն)

http://asbarez.com/

Scroll Up