Հայերէն Խլուած Ունեցուածքը Պէտք Է Վերադարձնել. Թուրք Յօդուածագիրի Անդրադարձը

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի յօդուածագիր Գարիփ Աւճըն իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է 1915թ.-էն ետք  հայերու ձգած ունեցուածքին եւ ատոր յետագայ ճակատագրինմասին:

Յօդուածը կը ներկայացնենք առանց կրճատումներու.

«Ես թուրք եմ, եւ հպարտութեամբ կը նշեմ այդ: Շատերը կ’ըսեն. «հայերու սիրահա՞ր ես»: Սակայն ատիկա կարեկցանքի հարց է: Արտերկրի մէջ Մալաթիայէն, Այնթապէն շատ հայերու տեսած եմ, որոնք կը կարօտնան իրենց հայրենիքը, եւ այդ կարօտը կ’երեւի անոնց աչքերուն մէջ:

Չեմ խօսիր այն մասին, թէ 1915թ.-ին ինչու արտաքսուեցան եւ ինչ պատահեցաւ անոնց հետ աքսորի ճանապարհին: Այդ օրերուն կենդանի վկան դարձած գրող Հալիտէ Էտիպ Ատըվարը հայերու հարցը «փոխադարձ սպանութիւններ»  կ’անուանէ: Ընդունենք կամ ոչ, սակայն փոխադարձ շատ ցաւեր  տեղի ունեցած են: Պատճառն արդեօ՞ք Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ նման իմպերիալիստական ուժերու դրդումը չէր:

Ես միայն կը հարցնեմ, թէ հարիւրամեակներով Այնթապ ապրած եւ զգալի ունեցուածքի տէր հայերու ունեցուածքը ի՞նչ եղաւ:

Մայիս 10-ին Սթամպուլի մէջ «Այնթապի նոր հարուստ դասի ստեղծումը 1914-1922թթ»-ին խորագիրով համաժողով տեղի ունեցաւ, եւ յառաջիկային այդ համաժողովը կ’իրականացուի նաեւ Գազիայնթապի մէջ: Ատիկա  կ’ուրախացնէ զիս:

«Ինչո՞ւ»,-եթէ հարցնէք, կ’ըսեմ, որ արտերկիր աքսորուած հայերը 5 տարի ժամանակ  ունեցած են իրենց ունեցուածքը դուրս բերելու համար: Իսկ գալ չկարողացող խեղճերու ողջ ունեցուածքը բաժնուած է Այնթապի մեծահարուստներու միջեւ : Կը կարծեմ` միւս նահանգներուն մէջ ալ  նոյնը տեղի ունեցած է:

«Լքուած ունեցուածք» կոչուած այս թալանի ընթացքին հայկական տուները, այգիները, խանութները փաստացի կողոպտուեցան:

Կը մտածեմ` ինչու՞  այդ ունեցուածքը ձգած են: Գուցէ ատոնք կայսրութեան տարիներուն  լքուած են, սակայն հանրապետութեան ստեղծումէն ետք  իրենց տէրերուն պէ՞տք չէ յանձնուէին. իսլամի, իրաւունքի, արդարութեան, բարոյականութեան եւ մարդկային նորմերով ատիկա՞ չէ ճիշդը:

Շատէրն անգամ եթէ ըսեն, որ գնած են այդ առանձնատուները, ապա վստահ եմ, որ մէկ դուռ, մէկ պատուհանի գինով  գնած են:

Անգամ եթէ տարիներ  անցած են, արդարութեան վերականգնման համար, ժողովրդավարական երկիր դառնալու համար ասիկա շատ կարեւոր հարց է: Եթէ անգամ ոմանք հայերէն ներողութիւն խնդրելը անտեղի կը համարեն, անցեալի ցաւերու մոռցուելու համար ատոնք անհրաժեշտ են: Կարեւոր է երէկուան լռութեան փոխարէն այսօր խօսիլ:

 Յոյսով եմ` հարուստներու` անարդարացի կերպով իւրացուած ունեցուածքն իր իրական տէրերուն կը գտնէ, կամ ալ, առնուազն, կը գրանցուի»:

tert.am

Scroll Up