Էսթոնիայէն Հայկական պատառիկներ. «Եկեղեցին նոր շունչ տուաւ մեզի»

Արտեմ Դաւիթեանցը ծնած է Պաքու, Ազրպէյճան: Ծնողները եկած են Ղարաբաղէն եւ  Իրանէն: 1968-ին Հայաստան մեկնած է համալսարանական ուսումի համար եւ մասնագիտացած` ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան մէջ: 1975-ին հաստատուած է Էսթոնիոյ Թալլին մայրաքաղաքը: Երկար տարիներ եղած է ռուսերէնի դասախօս Թալլինի համալսարանին մէջ, իսկ ներկայիս հիմնած է իր անձնական-ընտանեկան հրատարակչական ու թարգմանական աշխատանքներու գրասենեակը:

Թալլինը միջնադարեան քաղաք է, որ 1154 թուականին «գտնուած է» արաբ հետազօտողի մը կողմէ: Թալլինի կեդրոնական հին քաղաքը 1997-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ցանկագրուած է իբրեւ «Մշակութային ժառանգ»: Էսթոնիա 1940 թուականին մտած է խորհրդային համակարգին մէջ, իսկ 1990 թուականին դուրս եկած ու ստեղծած է իր անկախ հանրապետութիւնը: Ան այսօր Եւրոպական միութեան անդամ է եւ քաղաքակրթութեան մէջ ունի սկանտինաւեան երկիրներու եւ գերմանական մշակութային դրոշմ: Խաչատուր Աբովեան Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքի համալսարանին մէջ ստացած է իր ուսումը: Իր անունով ալ յիշատակութեան գրութիւն մը կայ համալսարանին մէջ:

Արտեմը միշտ ալ ջատագովը եղած է հայկական կեանքը կազմակերպելու` Թալլին հաստատուած առաջին տարիներէն իսկ: Մօտաւորապէս 1500 հայեր կ՛ապրին Էսթոնիոյ մէջ: Անոնք մեծ մասամբ կու գան Հայաստանէն եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէ: Արտեմը մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի կեանքի կոչէ «Հայկական ազգային միութիւնը», որ սկսած է 1977-ին եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է 1978-ին: Արտեմ երկար ժամանակ վարած է այս կեդրոնին ատենապետութեան պատասխանատու պաշտօնը: «Ուզեցինք ունենալ հայկական կեդրոն մը, ուր քաղաքական հակումներ չըլլան»,- ըսաւ Արտեմ` շարունակելով. «Մեր նպատակը հայոց լեզուն եւ մշակոյթը պահելն է: Բայց նաեւ այդ օրերուն բոլորս ալ Խորհրդային Միութենէն կու գայինք եւ քիչ թէ շատ` նոյնանման ենթահողերով, ուստի կարիք չզգացինք կուսակցական հակումներու»:

Հայկական կեդրոնը հայութիւնը համախմբող կորիզ է: Հայկական դպրոցը շաբաթական կը կազմակերպուէր կիրակի օրերը: Հոն կը սորվեցնեն հայոց լեզու եւ պատմութիւն, նաեւ կը կազմակերպուին մշակութային հաւաքներ եւ երեկոներ: Գաղութը ունի ամսական դրութեամբ հայերէնով մէկ ժամուան հաղորդում` պետական ձայնասփիւռի կայանէն:

Հայապահպանումը գլխաւոր հիմնահարց է հայ գաղութին համար, բայց մանաւանդ` նոր սերունդին, որ ծնած է Էսթոնիա: Արտեմ ամուսնացած է տեղացիի մը հետ: Այս մէկը լսելով` չեմ ուշանար իմ հետաքրքրասէրի հարցումս ուղղելու` քիչ մըն ալ «չարաճճիութեամբ»: «Ազգային գիտակցութիւնդ այսքան բարձր է, ինչպէ՞ս ամուսնացար ոչ հայուհիի մը հետ…»: Ուղղակի եւ կտրուկ հարցումիս տրուած պատասխանը եւս նոյն ձեւով էր. «Սիրեցի զինք»: Արտեմ ունի չորս զաւակ: Մանչ զաւակը` Դաւիթը, կը խօսի հայերէն: Արտեմ հպարտ է իր որդիով. «Դաւիթը` տղաս, Հայաստան այցելեց քանի մը տարի առաջ: Ներկայիս կը մտածէ հոն տեղափոխուիլ: Կը կարծէ, որ Հայաստանը լաւ երկիր է ապրելու»: Եթէ Հայաստանը «լաւ» երկիր է, բայց նաեւ «ինքնութիւն» է: Եւ այդ ինքնութեան կանչն է, որ տեղ մը, այս կամ այն ձեւով, կը մղէ եւ կ՛անհանգստացնէ իւրաքանչիւրիս ազգային գիտակցութիւնը:

Հայկական այս փոքր «գումարտակը» Էսթոնիոյ մէջ նուաճեց մէկ այլ ինքնութիւն: 1987-ին հայերը ճանչցուեցան որպէս փոքրամասնութիւն-համայնք Էսթոնիոյ մէջ` դառնալով առաջինը այս իմաստով, այլ փոքր խմբաւորումներու մէջ: Բայց պէտք էր աւելին, կար անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր ամրոցի մը` եկեղեցւոյ: Պետական արտօնութեամբ եւ դասաւորումով Էսթոնիոյ կառավարութիւնը հայկական գաղութին նուիրած է մէկ եկեղեցաշէնք` հայ գաղութի գործածութեան համար: 1994-ին հայկական եկեղեցին պաշտօնապէս կ՛արձանագրուի պետութեան մօտ:

«Եկեղեցին նոր շունչ տուաւ մեզի», Արտեմն է ըսողը: «Երբ եկեղեցի ունիս, կը նշանակէ, թէ այլեւս անցողակի գաղութ չես, այլ` երկրին մէկ մասը»: Բայց եկեղեցին նաեւ հպարտութիւն է: «Երբ եկեղեցի ունիս, պատճառ չկայ հայ չզգալու եւ չըլլալու»: Հայ «ըլլալու» եւ «զգալու» գիտակցութեան հետ նշմարելի է Արտեմի դէմքին վրայ գծուած մեղմ ու գոհունակ ժպիտը, որուն մէջ ակներեւ էր ազգային եւ հաւաքական կեանքին մատուցած իր «համեստ» (ինչպէս ինք կ՛ըսէ), բայց նաեւ երկարատեւ ծառայութիւնը: Իր աչքերը ինծի սեւեռած, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ուզեց խօսիլ իր ծննդավայրին մասին: «Պաքու գեղեցիկ քաղաք է: Երբ պատանի էինք, ճիշդ է, որ կ՛ապրէինք ընկերային կեանքին զգայնութիւնները որպէս հայ եւ ազերի, բայց չկրցանք երեւակայել, թէ այս ընկերային զգայնութիւնները օր մը պիտի վերածուին քաղաքականի, աւելի՛ն` պատերազմի»:

Ռազմիկ Իվանեանը Հայաստանէն է եւ Թալլին հաստատուած է 1971-ին, երբ տակաւին կը ծառայէր խորհրդային բանակին մէջ: Ան որպէս բանակային` նախ տեղափոխուած է Գերմանիա, ուրկէ` Էսթոնիա, ուր կը մնայ մինչեւ օրս: Ռազմիկ կեանքով լեցուն եւ աշխուժ հայորդի մըն է, որ ներկայիս ստանձնած է Հայ ազգային կեդրոնին ատենապետութիւնը: «Հպարտ հայ եմ», կ՛ըսէ ան: «Եթէ ժամանակ չտամ, ան ու միւսը չընէ, ո՞վ պիտի ստանձնէ ազգային մեր կեանքերը կազմակերպելու աշխատանքները»: Մեր գաղութներու կեանքերը իրաւացիօրէն յառաջ կ՛երթան, քանի կան «Ռազմիկներ», որոնք որոշած են զոհողութեան ճամբան ընտրել` հայապահպանման մեր աշխատանքները յառաջ տանելու ի խնդիր:

Եկեղեցական պատարագ ամիսը միայն մէկ անգամ տեղի կ՛ունենայ: Միայն մէկ հոգեւոր հովիւ ունին Պալթեան այս երեք երկիրները, իսկ հոգեւոր հովիւը պէտք է իր ժամանակը բաժնէ երեք գաղութներուն մէջ` ըստ պատշաճի եւ կարիքի: «Բոլոր հայերս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած ենք, նոյնիսկ եթէ ամիսը անգամ մը պատարագ կ՛ունենանք»,- կը բացատրէ Ռազմիկ:

Ռազմիկին «հայկական հպարտութիւն»-ը ընդարձակուած է: Էսթոնիոյ մշակոյթի նախարարը այցելած է Ազգային կեդրոն: Նախարարը զարմացած է, երբ տեսած է գաղութ մը, որ ակնկալութիւն չունի պետութենէն: Ընդհակառակն, Ռազմիկ նախարարին փոխանցած է հայ գաղութին տրամադրութիւններն ու պատրաստակամութիւնը: «Ի՞նչ ձեւով, պարոն նախարար, հայ գաղութը կրնայ օգտակար ըլլալ Էսթոնիոյ կառավարութեան»:

Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայու հոգին է այս, որուն ճամբով հայը իր ապրած վայրին մէջ փորձած է միշտ բան մը աւելցնել եւ ներդրում ունենալ տեղական կեանքին մէջ:

Ռազմիկ նաեւ կ՛անդրադառնայ քաղաքական «արշաւներուն», յատկապէս թրքական լոպիին եւ հակահայ քարոզչութեան` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին: Կը հետեւի իւրաքանչիւր անցուդարձի եւ կարելին կ՛ընէ` հակազդելու սխալ ուղղութիւններու եւ ծանուցումներու: Եւ չուշացաւ Արտեմի պարզ, բայց շատ իրատեսական հաստատումը. «Մենք` հայերս, իրարու պէտք է օգնենք, եթէ ապրիլ կ՛ուզենք»:

Արտեմ, Ռազմիկ եւ 1500 հայորդիներ Թալլինի մէջ կը գիտակցին «նոր շունչի» արժէքին: «Նոր շունչը»` եկեղեցւոյ միջոցով  փոխանցուած, անոնց կու տայ նոր սլացք հայապահպանման իրենց առաքելութեան մէջ:

Բայց այսօր հայը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, պէտք ունի նոր շունչի… նոր շունչը, որ մեր պատմութեան այս հանգրուանին նոր սլացք պիտի տայ, մինչ մենք կը թիավարենք մեր բազմաթիւ հիմնահարցերուն մէջէն: Նոր սլացքը կ՛արդիւնաւորուի, երբ հայը կը գիտակցի իրարու օգնելու հրամայականին, իրարու հետ ու իրարու համար ապրելու եւ կեանք կերտելու իտէալին:

Պաքու ծնած, Երեւան ուսանած եւ Թալլին ապրող Արտեմին նոր շունչը իւրաքանչիւր հայունն է: Հայուն ապրած իւրաքանչիւր երկիր հայուն կու տայ իւրայատուկ պայման եւ պիտակ: Եւ այս պայմաններուն մէջ եւ պիտակին ներքեւ հայը կ՛ապրի իր սփիւռքեան կեանքը: Բայց ինչո՞ւ այսպէս եղաւ մեր պատմութիւնը, եւ աշխարհով մէկ տարածուեցանք ու այդպէս ենք մինչեւ այսօր…

Այսօրուան հրամայականը ի՞նչ ընելու իրավիճակն է:

Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած երկրին ու գաղութին մէջ պէտք ունի ձգտելու նոր շունչին, որպէսզի կերտէ նոր սլացք, որ հայուն ազգային վերապրումին հիմքն է, իսկ վերապրելու հիմնական նախապայմանն է իրարու հետ եւ իրարու համար գոյատեւել:

Թալլինի հայկական փոքրաթիւ գաղութին նոր սլացքը լաւագոյն օրինակներէն է հայուն վերապրելու իրականութեան:

Հրայր Ճէպէճեան

Նիկոսիա, Կիպրոս

unnamed (1) unnamed

Scroll Up