Հայաստանի ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Այցելութիւնը Թեհրան

Մայիս 5-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամատ Ճաւատ Զարիֆի հրաւէրով պաշտօնական այցով ժամանեց Թեհրան:

Նոյն օրը Էդուարդ  Նալբանդեանին ընդունեց իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին:

Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարը` Իրանի նախագահը ըսաւ, որ երկու երկիրները 20 տարուան ընթացքին իրենց յարաբերութիւններուն մէջ լաւ  ձեռքբերումներ  ունեցած են, բազմաթիւ համատեղ ծրագիրներ իրականացուցած են, եւ կայ երկուստեք ցանկութիւն առաւել ընդլայնելու համագործակցութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը եւ Երեւան այցելելու հրաւէրը: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը խնդրեց իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները հաղորդել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին:

Իրանի նախագահն ու Հայաստանի ԱԳ նախարարը գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներու միջեւ զարգացող համագործակցութեան առումով, քննարկեցին բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ համատեղ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման ընթացքը:

Թեհրանի մէջ  կայացան ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի եւ Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամատ Ճաւատ Զարիֆի բանակցութիւնները, որոնք մեկնարկեցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա շարունակուեցան պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարը` Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշեց, որ ուրախ է իր գործընկերոջ ընդունելու Թեհրանի մէջ եւ քննարկելու բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ուղիները:

Էդուարդ Նալբանդեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն ընթացքին արդէն իններորդ անգամ է կ’այցելէ Թեհրան, նոյն ժամանակահատուածին մէջ ԱԳ նախարարներու մակարդակով Երեւանի մէջ, Թեհրանի եւ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ կայացած է շուրջ երեք տասնեակ հանդիպում, ինչ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ առաջ մղելու երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը:

Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկեցին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման, տարբեր համատեղ ծրագիրներու կեանքի կոչման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը: Նախարարներն անդրադրձան Հայաստան-Իրան բարձրավոլթ էլեկտրահաղորդման երրորդ գիծի, Մեղրիի ջրելեկտրականի, Իրան-Հայաստան երկաթգիծի կառուցման նախագիծերուն:

Բանակցութիւններուն հանգամանալից քննարկման առարկայ դարձան միջազգային օրակարգի հարցերը:

Նախարար Զարիֆը ներկայացուց Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններու վերջին զարգացումները: Այս առումով նախարար Նալբանդեան, ողջունելով անցեալ նոյեմբերին Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, յոյս յայտնեց, որ բոլոր կողմերու ջանքերու շնորհիւ նախատեսուած ժամկէտներու մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեռք բերել խնդիրի համապարփակ կարգաւորում, ինչը կարեւոր ձեռքբերում պիտի հանդիսանայ Իրանի, տարածաշրջանի եւ ողջ միջազգային հանրութեան համար:

Նախարարներ Նալբանդեանն ու Զարիֆը միտքեր փոխանակեցին սուրիական ճգնաժամի եւ ատոր կարգաւորման հնարաւոր ուղիներու շուրջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Հայաստանի ԱԳ նախարարն Իրանի իր գործընկերոջ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը` ընդգծելով այդ հարցին մէջ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորշման կարեւորոութիւնը:

Բանակցութիւններու աւարտին Հայաստանի եւ իրանի ԱԳ նախարարները հանդէս եկան մամուլի համար յայտարարութիւններով:

Ի պատիւ ՀՀ ԱԳ նախարարի` նախարար Մոհամատ Ճաւաը Զարիֆը պաշտօնական ճաշ տուաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Նոյն օրը Թեհրանի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի Մէճլիսի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:

Հանդիպման նախարար Նալբանդեան կարեւոր համարեց երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ՀՀ եւ ԻԻՀ օրէնսդիր մարմիններու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմ օրակարգի հարցերու շուրջ, անդրադարձան  շարք մը տարածաշրջանային խնդիրներու:

Նոյն օրը երեկոյեան Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց նաեւ «Արարատ» մարզամշակութային համալիր, ուր հանդիպում ունեցաւ իրանահայ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up