Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան Նշանակուեցաւ Վահան Եւ Անուշ Շամլեան Ազգային Վարժարանի Տնօրէն

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաղորդել, որ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը նշանակեց Վահան Եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէն:

Դոկտ. Քարկոտորեան կու գայ փոխարինելու կրթական տարեշրջանի աւարտին հանգստեան մեկնող դպրոցի 23 տարիներու տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանը:

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի շրջանավարտ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UC Irvine համալսարանէն։ Այնուհետեւ, կրթութեան մարզին մէջ մագիստրոսի վկայականը ստացած է «Փեփըրտայն» համալսարանէն, իսկ աւելի ուշ՝ դոկտորական վկայականն ու տիտղոսը ստացած է USC համալսարանէն՝ մասնագիտանալով մանկապարտէզէն 12րդ կարգերու կրթական ղեկավարութեան բնագաւառին մէջ:

Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան հետեւած է նաեւ բազմաթիւ կրթական յատուկ ծրագիրներու՝ խորացնելով կրթութեան եւ վարչագիտութեան մարզերէն ներս իր մասնագիտութիւնը, ու իբրեւ կրթական մշակ՝ ստացած է բազմաթիւ գնահատագիրներ:

2004էն 2007, ան իբրեւ կրթական մշակ ծառայած է Կլենտէյլի Ռուզվելթ վարժարանէն ներս, իսկ 2007էն մինչեւ 2010՝ պաշտօնավարած ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն ներս, որուն տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնած է 2010-2014 թուականներուն:

Այս նշանակման անդրադառնալով՝ Խնամակալ մարմինի համաատենապետ Մակի Սարգունի կ՛ըսէ. «Ազգային վարժարաններու կրթական համակարգի շրջանավարտ դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի նշանակումը մեր մէջ կ՛ամրապնդէ Ազգային վարժարաններու առաքելութեան նկատմամբ մեր հաւատքն ու նուիրումի ոգին։ Մեզի համար եզակի ուրախութիւն է վկայել, որ մեր վարժարաններու շրջանաւարտները իրենց համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք՝ կը վերադառնան ու պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնեն Ազգային վարժարաններու կր-թական համակարգէն ներս, դառնալով մեր գործակիցներն ու լծակիցները։ Սա լաւագոյն վկայութիւնն է Ազգային վարժարաններու յարկին տակ կատարուած ստեղծագործ աշխատանքի յաջողութեան:

Կ՛ուզենք արձանագրել, որ Մարմինս բարձր համարում ունի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի ուսումնական եւ վարչական կարողութեանց վրայ։ Նկատի ունենալով իբրեւ կրթական մշակ անոր ուսումնական պատրաստուածութիւնն ու լայն փորձառութիւնը՝ կը հաւատանք, որ ան պիտի կարենայ նոր մակարդակներու հասցնել Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի մեր աշակերտներուն ուսումնական զարգացումը»:

Ընդգծելով հայկական համայնքին գծով Թալինին ունեցած ծանօթութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ ուսումնական բարձր պատրաստուածութիւնը՝ Մակի Սարգունի եզրափակած է ըսելով. «Դոկտ. Քարկոտորեան պիտի յաջողի Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանը առաջնորդել ուսումնական գերազանցութեան ու վերելքի յաջորդ հանգրուանին»:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը այս պատասխանատու պաշտօնին նշանակման առիթով, ինչպէս նաեւ մեր շնորհաւորանքը կը փոխանցենք Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին՝ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով իրենց առաքելութեան մէջ։

(Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին)

http://asbarez.com

Scroll Up