Հայկական Աւանդական Տոհմիկ Օր` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Շաբաթ, 3 մայիսի կէսօրուան ժամը 12:00-էն 5:00 տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ. հոն համախմբուած էին ԼՕԽ-ականներ, մեծ թիւով անձեր, զետեղուած էին հայկական աւանդական ուտեստեղէններու կրպակներ, տիրական էին հայ երգն ու պարը, երաժշտութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը:

Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ցոլինէ խաչատուրեանի, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետերուն տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ օր, որ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանին մէջ:

Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները:  Այս առիթով ողջոյնի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սովորութեան վերածուած այս օրուան յաջողութեան: Ան նշեց, որ ասիկա մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան` հայկական տոհմիկ աւանդութիւններն ու արժէքները պահպանելու առումով: Մ. Յովհաննէսեան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ականները կառչած են ամէն ինչի, որ հայկական է եւ նախանձախնդիր են զանոնք յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու:

0305Lokh1

Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ վաճառքի դրուած էին ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան», «Նայիրի», «Գայեանէ», «Աստղիկ», «Ա. Ազիրեան», «Անի», «Աշխէն», «Կարինէ», «Շուշանիկ», «Արագած» եւ «Աղթամար» մասնաճիւղերուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտելիքներ, համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ, նաեւ` ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի պատրաստութիւնները:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պարախումբը եւ Շաքէ Պաղտասարեան:

Յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին մանուկներու համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, որուն հիմնական անակնկալն էր բոլոր փոքրիկներուն սրտին մօտիկ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին մասնակցութիւնը: Հրապարակին վրայ գտնուող մանուկները պարեցին ու երգեցին  խումբի անդամներուն հետ` ուրախութեան եւ գոհունակութեան պահեր ապրելով:

ԼՕԽ-ի գործունէութեան լայն ու բազմաբնոյթ դաշտին մէջ կու գայ աւելնալու այս նախաձեռնութիւնը, որ իր նպաստը կը բերէ Պուրճ Համուտի մէջ հայկական տոհմիկ մթնոլորտ ստեղծելու, մեր աւանդական ճաշերը նաեւ օտարներուն ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ գոյացած հասոյթը ժողովուրդին կարիքները հոգալու նպատակին տրամադրելու աշխատանքին:

www.aztagdaily.com

Scroll Up