Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Հռոմի Մէջ
Ապրիլ 29-ին Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, համագործակցութեամբ «RAI radio 3» իտալական հանրային ռատիօալիքի հետ, վերջինիս բեմական սրահին մէջ իրականացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած «Լռութեան ճեղքերը» խորագիրով ձեռնարկ: Այն ուղիղ կը հեռարձակուէր «RAI radio 3» ռատիօալիքի եթերով, իսկ տեսագրութիւնը զուգահեռաբար կը ցուցադրուէր «RAI» հեռուստառատիոընկերութեան էլեկտրոնային կայքէջին վրայ:
Ձեռնարկը կը վարէր ռատիօալիքի հաղորդավար եւ մեկնաբան Աննա Մարիա Ճորտանօ: Բանախօսներն էին Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Ժողովուրդներու մշտական դատական ատեանի գլխաւոր քարտուղար Ճիաննի Տօնեօնը եւ «Պասսօ» հիմնադրամի նախագահ, նախկին դատաւոր, եւրոպական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, Ազգային դատաւորներու իտալական խորհուրդի նախկին նախագահ, ԵՄ սահմանադրութեան հեղինակներէն Էլենա Փաչիոտտը:
Ձեռնարկը կ’ընթանար հարցուպատասխանի ձեւով: Աննա Մարիա Ճորտանոյի կողմէ եղան մեկնաբանութիւններ, եւ բանախօսներուն կ’ուղղուէր հարցեր Հայոց ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթի վերաբերեալ, որոնց պատասխաններէն ետք կ’ընթերցուէին համապատասխան փաստագիրներ կամ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ: Ընթերցումները կը կատարէին Իտալիոյ մէջ յայտնի հայազգի դերասաններ Փաոլօ Քեսիսօղլուն եւ Լաուրա Էֆրիկեանը:
Աննա Մարիա Ճորտանոն իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ մեր օրերուն քեսապահայութեան հետ պատահած ողբերգութեան:
Դեսպան Ղազարեան իր պատասխաններուն մէջ, մասնաւորապէս, ընդգծեց ժխտողականութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Յիշատակելով հայերու բնաջնջման մասին Ատոլֆ Հիթլերի տխրահռչակ յայտարարութիւնը` ան մեծապէս կարեւոր համարեց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումն ու տեղեկատուութեան տարածումը եւ այդ հարցին լրատուամիջոցներու, ներառեալ` «RAI» հեռուստառատիոընկերութեան դերը: Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման հարցին ան էական համարեց կրթութեան նշանակութիւնը: Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ միջազգային եւ ազգային ատեաններու մէջ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման նպատակով աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութեան մասին` ներկայացնելով այդ հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գործադրած ջանքերը: Դեսպան Ղազարեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան` այն բնութագրելով որպէս ժխտողականութեան աւելի խորամանկ դրսեւորում: Դեսպանը աւելցուց, որ այդ յայտարարութիւնը չի կրնար դիտուիլ որպէս յառաջընթաց, քանի որ այդտեղ դահիճներն ու զոհերը դրուած են նոյն հարթութեան վրայ, իսկ ցեղասպանութիւնը որակուած է որպէս 1915թ. պատահած միջադէպ, ինչն անընդունելի է: Դեսպանը բարձր գնահատեց Իտալիոյ մէջ ապաստան գտած ցեղասպանութեան վերապրածներու հանդէպ Իտալիոյ մարդասիրական վերաբերմունքը եւ անդրադարձաւ 20-րդ դարուն Իտալիոյ հասարակական-քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ իտալահայ համայնքին դերին:
Էլենա Պաչիոտտը եւ Ճիաննի Տօնեօնը խօսեցան Ժողովուրդներու մշտական դատական ատեանի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշման ընդունման նախապատմութեան եւ գործընթացքին մասին: Նշուեցաւ, որ ատեանի որոշումը իրաւական տեսանկիւնէն հիմք հանդիսացաւ յետագային Հայոց ցեղասպանութեան շարք մը այլ ճանաչումներու համար:
Փաստագրական նիւթերու շարքին ընթերցուեցան Ժողովուրդներու մշտական դատական ատեանի կողմէ 1984թ. ապրիլին հայ ազգաբնակչութեան բնաջնջումը որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութիւն ճանչնալու մասին որոշումը, արխիւային փաստագրական վկայութիւններ, անցեալ դարասկիզբին Իտալիոյ վարչապետներէն մէկուն` Լուիճի Լուցատիի` հայերու բնաջնջման վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթը: Փաոլօ Քեսիսօղլուն եւ Լաուրա Էֆրիկեանը ընթերցեցին նաեւ հատուածներ Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքէն եւ Դանիէլ Վարուժանի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն:
Ընթերցումներն ու բանախօսութիւնները կ’ընդմիջուէին դաշնակահարուհի Տիանա Գաբրիէլեանի` հայ անուանի երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններու կատարմամբ:
Ձեռնարկին ներկայ բազմաթիւ հադիսատեսներու շարքին էին Իտալիոյ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի տեսագրութիւնը ամբողջութեամբ տեղակայուած է «RAI radio 3» ռատիօալիքի էլեկտրոնային կայքէջին վրայ: