Անգարայի Բեմականացումները 100-Ամեակի Յետհաշուարկի Առընթեր
Պոլսահայ համայնքի հոգեւոր թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն հետ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումը արտակարգ երեւոյթ չէ, չըսելու համար օրինաչափ նոյնիսկ: Բնական էր, որ գաղութի դասական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը հետեւէր Էրտողանի ցաւակցական գործողութեան: Հայկական կողմը համազարկ բանալու պէտք չունի Պոլսոյ հայ ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած գերխանդավառ յայտարարութիւններուն եւ մանաւանդ Անգարայէն պահանջուած պատուէրային արձագանգումներուն վրայ: Այս առաջին հայկական արձագանգը իր ժամանակով, ձեւաչափով եւ բովանդակութեամբ սպասելի էր ըստ ամենայնի: Անտեղի պիտի ըլլար ներհայկական որեւէ բանավէճ ծաւալելը այս ուղղութեամբ: Բաւարարուիլ ուրեմն, այս պարագային արձանագրելով, որ Պատրիարքին ձիթենիի ճիւղի համեմատումը արդէն քաղաքական ապսպրանք է` նոյն մօտեցումը հրապարակող Անգարային կողմէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար խաղաղասիրական բնոյթի այն ժեսթը, որուն դիմեց վարչապետ Էրտողանը: Այդպէս ալ պիտի ըլլար: Հակառակը ակնկալելը քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չնկատուէր:
Հայկական առաջին արձագանգը այսպիսով կը յստականար: Ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը ճշդած էր փոխվարչապետը: Այսպէս. Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ փոխվարչապետը կը յայտարարէր. Էրտողան շատ կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է, եւ խօսած 1915-ի դէպքերու 100-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ կատարած քայլերուն մասին: «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ թէ՛ հայկական սփիւռքէն այդ ուղերձին պատասխանը կ՛ակնկալենք: Այդ հարցերու լուծման համար մենք յայտարարութեան եւ քայլերու կը սպասենք»:
Նախքան փոխվարչապետին սպասողական վիճակին անդրադառնալը, արագօրէն յիշենք եւ որոշ տարբերութիւն նկատենք փոխվարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին այս մասին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ: Դիւանագիտական ըսելաձեւային խաղերու մասնագէտ նախարար Տաւութօղլուն ուղերձի հասցէատէրերուն մասին բաւարարուած էր բոլոր հայերը ըսելով: Յստակացնելով, որ ուղերձը ուղղուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ բոլոր հայերուն: Առաջնային հասցէատէրը մշուշի մէջ մնացած էր այս ձեւով:
Հիմա, փոխվարչապետը ճշդած է ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը. նախ Միացեալ Նահանգները, ապա միջազգային ընտանիքը, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ապա սփիւռքը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ողջունած էր Էրտողանի ցաւակցութիւնը, մինչ Ֆրանսայի նախագահը զայն նկատած էր անբաւարար. այստեղ պէտք է նկատի ունենալ անշուշտ յայտարարութեան ժամանակն ու մանաւանդ միջավայրը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքին ունեցած հակազդեցութիւններուն մէջ որեւէ էական տարբերութիւն չկար, եւ այդ առումով Անգարան հակասութիւններ գտնելու խաղին մէջ մեծ առաւելութիւններ չունեցաւ: Պոլսահայ համայնքը այս հասցէատէրերուն շարքին տեղ չունէր ուրեմն: Թէեւ հանդիպման գործողութիւնը կազմակերպուած էր եւ անոր նախաբանը կատարուած, երբ նոյն պատուիրակութեան մէկ անդամը խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի արժանի նկատած էր Թուրքիոյ վարչապետը իր առած այս քայլին համար:
Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ընտանիքին անդրադարձները չեն բաւարարած Անգարան: Ցաւակցութիւնը յայտնաբար չէ աշխատած, այնպէս ինչպէս կը պատկերացնէին Անգարայի վարիչները: Հայկական կողմը միանշանակ արձագանգած է, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը, տակաւին չեն բաւարարած Անգարան:
Ցաւակցելու, անցագրեր տրամադրելու, «հրամմեցէք»-ի եւ խաղաղասիրական դրսեւորումներու այս շարքը կը թուի, թէ պիտի շարունակուի: 100-ամեակի յետհաշուարկը (քաունթտաուն) սկսած է արդէն եւ այս օրակարգը տեղ գտած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Անգարան հետեւողականօրէն պիտի փորձէ գնդակը տեսնել տալ հայկական դաշտին մէջ:
«Ազդակ»