Կայացաւ ՍՈՒԽ Հոգեբանական Ակումբի Եզրափակիչ Հանդիպումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/unnamed-448-300x225.jpg)
Ապրիլ 29-ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի Հոգեբանական ակումբի կողմէ կազմակերպուած հոգեբանական դասընթացքի վերջին հանդիպումը: Այս անգամ մասնակիցները ամփոփեցին դասընթացքի արդիւնքները: Կատարուած աշխատանքը ամփոփեց հոգեբան, դասընթացքի խմբավար Վերգինէ Յակոբեան` իր խօսքին մէջ նշելով. «Գոհ եմ արդիւնքներէն: Շատ ուրախացնող է, որ մասնակիցները մեծ աշխուժութիւն դրսեւորեցին եւ պատրաստակամութիւն` կիրառելու ձեռք բերուածը իրենց կեանքին մէջ»:
Դասընթացքը հիմնուած էր աշխարհի մէջ լայն ճանաչում գտած իմացական վարքաբանական բուժման հիմնական սկզբունքներու եւ միջոցներու վրայ: Մարդիկ այս դասընթացքի միջոցով կրնան կարգ ու կանոն հաստատել իրենց միտքերու եւ յոյզերու խճճուած աշխարհին մէջ: Կրնան հասկնալ, թէ ուրկէ կը ծագին իրենց կեանքին մէջ այդքան յաճախ հանդիպող վախերը, տագնապները, լարուածութիւնը: Այն հնարաւորութիւն կու տայ` ինքնուրոյն յաղթահարելու ատոնք: Մարդիկ, լուծելով սեփական խնդիրները, կը դառնան իրենց իսկ հոգեբանը: Այս դասընթացքի առաւելութիւնը նաեւ այն է, որ «ձեռք բերած գիտելիքներդ կրնաս հէնց տեղուոյն վրայ կիրառել»,- ըստ Հոգեբանական ակումբի նախագահ Աշխէն Մկոյեանի:
Դասընթացքին կը մասնակցէին 12 երիտասարդ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն:
Գոհար Վարդանեան