Դեսպան Գասպարեան Պարգեւներ Յանձնեց

Ապրիլ 27-ին Պուխարեստի «Տուտեան» մշակութային կեդրոնին մէջ Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան Ռումանիոյ Հայոց միութեան գլխաւոր քարտուղար Պերճ Մարգարեանին յանձնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալը, որուն ան արժանացած է երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան եւ ծննդեան 90-ամեակին առիթով: Դեսպանը ՀՀ կառավարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ երախտիքի խօսք յղեց Ռումանիոյ Հայոց միութեան գլխաւոր քարտուղարին` հայապահպանութեան ոլորտին մէջ անգնահատելի աւանդի, համայնքային կեանքի կազմակերպման, կառոյցներու ձեւաւորման ու Մայր Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման համար:
Նոյն օրը Ռումանիոյ Հայոց միութեան Տարեկան մրցանակին արժանացաւ համայնքային կեանքի աշխոյժ մասնակից, ռումանահայ վաստակաւոր ուժանիւթի ճարտարագէտ Անդրանիկ Շալճեան:
Պարգեւատրուածներու մասին գնահատանքի խօսքեր ըսին Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, պատգամաւոր Վարուժան Փամբուկչեան եւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: