Տիարպեքիրի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ 60 Տարի Անց Հայ Ամուսիններու Պսակը Կատարուած Է.NEWS.am

Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ դեռեւս Տիարպեքիր ապրող հայ ամուսիններ 84-ամեայ Սըթքը Էքէնը (Սարգիս) եւ Պայզօ Ալաթան ամուսնութենէն 60 տարի անց Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ իրականացուցած են իրենց պսակադրութիւնը:

Թրքական Hurriyet-ի փոխանցմամբ` Տիարպեքիրի նորընտիր քաղաքապետ Գիւթան Քըշանաքը Սուրբ Զատիկի տօնին այցելած էր հայ ամուսիններու բնակարանը եւ պսակադրուելու ցանկութիւնը լսած, որմէ ետք ձեռնամուխ եղած է  պսակադրութեան կազմակերպման:

Տարէց հայ ամուսինները Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի եկած են զարդարուած կառքով, որմէ ետք եկեղեցւոյ մէջ հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է զոյգի պսակադրութիւնը, որուն որպէս կնքահայր եւ կնքամայր  հանդէս եկած են Տիարպեքիրի համաքաղաքապետներ Գիւլթան Քըշանաքը եւ Ֆըրաթ Անըլը:

Պսակադրութենէն ետք Սարգիս Էքենը նշած է, թէ չի ցանկացած առանց պսակադրութեան մահանալ եւ շեշտած, որ շատ երջանիկ է պսակադրուելու առիթով եւ նման երջանկութիւն կը մաղթէ բոլորին:

NEWS.am

Scroll Up