Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 80-Ամեակին Առիթով
Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 27 ապրիլին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին կարդացուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի յղած կոնդակը:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան սոյն տօնը կը զուգադիպի Կրկնազատիկ կոչուած կիրակի օրուան: «Անիկա Կրկնազատիկ կը կոչուի այն հասկացողութեամբ, որ մեր եկեղեցին մեր հաւատացեալներուն կը թելադրէ մնալ Ս. Յարութեան տօնին պատգամող, թելադրող եւ այդ տօնով ներշնչուած ապրումներուն, հաւատքին եւ զգացումներուն մէջ», հաստատեց սրբազանը: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 80-ամեակին` սրբազանը շեշտեց, որ «պէտք է լաւ գիտնանք, որ Քրիստոս մեր առօրեայ դժուարութիւններուն մէջ խաղաղեցուց մեզ, վստահութիւն ներշնչեց մեզի, որպէսզի մենք չընկրկինք, այլ կարենանք տոկալ կեանքէն եկող ամէն տեսակի հոսանքներու դիմաց»:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: