Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Թեհրանի ՄԷջ
Թեհրանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու շարքը մեկնարկեց ապրիլ 22-ին Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ` Թեհրանի Հայոց հասարակական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպմամբ, որուն մասնակցեցան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքէլեան, Իրանի Մէճլիսի պատգամաւորներ, ՀՀ-ի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Ֆարհադ Քոլէյնը, իրանահայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, պարսիկ մտաւորականներ:
Հադիպման ելոյթ ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը, որ իրանցի հիւրերուն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ դատապարտեց թրքական իշխանութիւններու որդեգրած ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն` Թեհրանի առաջնորդանիստ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ տեղադրուած Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Արարողութեան մասնակցեցաւ Իրանի մօտ ՀՀ դեսպանը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի, Լիբանանի եւ Ուրուկուէյի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Թեհրանի մէջ հաւատարմագրուած այլ դեսպանութիւններէ:
Յիշատակի արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանի կողմէ մատուցուած հոգեհանգստեան Պատարագով:
Ապրլիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ էին բազմահազար թեհրանահայեր: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան դեսպան Առաքէլեան, Թեհրանի Հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան, իրանահայ համայնքի հասարակական եւ մշակութային գործիչներ:
Իր խօսքին մէջ դեսպան Առաքէլեան նշեց. «Այսօրուայ խորհուրդն ընկալելի է բոլորիս համար, քանի որ մեր ցաւն ընդհանուր է: Մեզ միաւորող վիշտն այնքան մեծ է ու ահռելի, որ անգամ բազմաթիւ երկրների խորհրդարանների կողմից Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումն ի զօրու չէ մեղմացնել այդ ցաւը»:
«Ընդամէնը տասներկու ամիս անց մենք բոլորելու ենք հարիւրամեակը եւ աւելի նպատակամղուած առաջ ենք գնալու մէկ դար առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութիւնը մէկընդմիշտ ու բոլոր ատեաններում դատապարտելու պահանջատիրութեամբ: Մօտալուտ հարիւրամեակը խուճապի մէջ է գցել պատմութեան ընթացքը փոխել ցանկացողներին, ովքեր ամէն օր մեծացնում են փաստերի խեղաթիւրման` օր օրի արժէզրկուող իրենց զինանոցը: Մենք բազմիցս ասել ենք եւ չենք զլանայ կրկնելուց, որ մեր պահանջը յստակ է` Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ստանայ իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական համապատասխան գնահատական միջազգային հանրութեան կողմից»,- իր ելոյթը եզրափակեց դեսպան Առաքէլեան:
Արարողութեան աւարտին Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնի սաները ցուցադրեցին բեմականացուած ներկայացում` նուիրուած Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: