Հայոց աճիւնները կը փոխադրեն դոյլերու եւ աղբի տոպրակներու մէջ
Պինկէօլի Եայլատէրէ գիւղաքաղաքին մէջ, զինուորական կայանի ջրամատակարարման աշխատանքներուն համար թաղապետարանին կողմէ ձեռնարկւած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են աճիւններ, որոնք մածունի մեծ դոյլի մը եւ կերպընկալէ տոպրակներու մէջ յանձնուած են դատախազութեան: Բանն այն է, որ լուրը հաղորդող քրտական աղբիւրները (որոնք տեղանուններուն ալ քրտերէն տարբերակները կը գործածեն) կը պնդեն, որ քաջ գիտակցելով հանդերձ, որ աշխատանքներուն համար նախատեսուած այդ վայրին մէջ հայկական գերեզմանոց գոյութիւն ունի, թաղապետարանը նախաձեռնած է պեղումներուն, որմէ ետք ալ բնականաբար պատահած է անխուսափելին՝ յայտնաբերւած են հայկական աճիւններ. բանուորները այդ ոսկորները դրած են մածունի մեծ ամանի մը եւ աղբի կերպընկալէ տոպրակներու մէջ եւ յանձնած՝ շրջանի դատախազութեան: Լրատու աղբիւրները կը նշեն նաեւ թէ այս ամբողջը արգելք չէ եղած աշխատանքներու վայրին կամ թափին դոյզն փոփոխութեան: Մարդկային իրաւանց միութեան տեղական պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը բողոքած են այս երեւոյթին դէմ եւ Եայլատէրէի դատախազութեան դիմած, որպէսզի վերջ տրուի պղծութեան:
«Նոր Յառաջ»