Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը Կրկնակի՛ Սուրբեր Են (99-Ամեակին)
Այո՛, կրկնակի զոհեր, սուրբեր, կենդանի նահատակներ:
Որովհետեւ անոնք թուրքի ու թրքութեան եաթաղանին զոհերն էին:
Որովհետեւ անոնք հայոց հայրենիքի ու պատկանելիութեան մատաղ սերունդներ էին:
Որովհետեւ անոնք դարաւոր դպրութեան եւ մշակոյթի ժառանգ հետնորդներն էին:
Որովհետեւ անոնք վեհափառ եկեղեցիներու եւ սրբատաշ վանքերու բարեպաշտ զաւակներն էին:
Որովհետեւ անոնք խաղաղ երկինքի տակ գութ ու կարեկցանք, սէր ու հաւատամք, բայց մանաւանդ` ապրելու իրաւունք կը հայցէին:
Որովհետեւ անոնք հայոց գոյութենական պայքարի զինուորագրեալ յառաջամարտիկներն էին:
Որովհետեւ անոնք տիեզերահունչ արժէքներու եւ մտածումներու սպասաւորներն էին:
Որովհետեւ անոնք անխոնջ ու անսպառ աշխատանքի ռահվիրաներ էին:
Որովհետեւ անոնք պատմութեան դարանակալ վերիվայրումներու ընթացքին առ Աստուած աղաչած եւ օգնութիւն խնդրած խլեակներն էին:
Որովհետեւ անոնք`
Մարդկութեան հոգեմտաւոր շտեմարանին իրենց մտքի ու հոգիի լոյսը կը ներդրէին: Բարբարոս ժողովուրդներու շրջապատին` արուեստի հրապոյր եւ գեղեցկութիւն կը բաշխէին: Արարել գիտէին: Ոգեղինացած ապրումներու եւ աստուածահաճոյ արարքներու ջատագովն էին: Իրենց դարաւոր պատմութեան ու ճակատագիրին հետ հաշտ` վերազարթնիլ ու վերականգնիլ գիտէին, մարդակեր արշաւանքներէ ետք աւերուած երկիրը` համբերատար ու ներողամիտ նախանձախնդրութեամբ կը ծաղկեցնէին: Պատմակերտ աւաններ ու քաղաքներ կառուցելու մի՛շտ պատրաստ էին: Դաշտեր ու ձորեր, այգեստաններ ու ապառաժներ իրենց սրբազան քրտինքով եւ արիւնով շաղախել գիտէին…
Շատ անգամ թախանձագին կ՛աղօթէին, պոռթկումի ու ցասումի իրենց հոգիներ ջերմեռանդ հեզութեամբ կը պատէին, կռուելու ունակ էին, բայց ոչ յայնժամ պատրաստ, մարտունակ էին, բայց կղզիացած, միասնական էին` բայց ոչ կեդրոնացեալ, ապրի՜լ, ապրի՜լ կ՛ուզէին բարւոք ու անանձական:
Եւ այս բոլորին վերջակէտն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Յիրաւի, անոնք` մէկուկէս միլիոն նահատակները հայոց ճաշակեցին մարդկութեան ոճրամիտ լռութիւնն ու մեղսակցութիւնը, կեր դարձան բարբարոսութեան եւ ճիւաղութեան երախներուն, Տէր Զօրի աւազուտ ու կիզիչ անապատին քմայքը ապրեցան, Մարկատէի եւ Շետտատէի քարանձաւներու դժոխային մթութութիւնը վայելեցին, եւ եղան գերեզման չունեցող այն ազգը, որուն նահատակ աճիւնները դեռ կը սպասեն իրենց յաւերժական թաղման արարողակարգին:
Այո՛, ազգային ու եկեղեցական սրբադասումին, աստուածացումին:
Եւ այս բոլորը ամբողջ մարդկութեան խենեշ նայուածքին առջեւ:
Եւ այս բոլորը քաղաքակիրթ երկիրներու սեւ սրտերու ընդմէջէն:
Եւ այս բոլորը մեծապետական խօլ մրցակցութեան հաշուոյն:
Եւ այս բոլորը յանուն մարդկային արդարութեան եւ վերելքին:
Եւ այս բոլորը 99 տարիներէ ի վեր:
Ճիշդ է, որ յետեղեռնեան հայութիւնն ու հայրենիքը նոյնը չեն այսօր: Ազգը կրցաւ վերականգնիլ, հայրենիքը մասամբ ծաղկիլ, սակայն մնացին 1.5 միլիոն սուրբ նահատակներու ահաւոր ցաւն ու հառաչանքը, ճիչն ու պատգամը` յետնորդ սերունդներու սրտին ու հոգիին մէջ բորբոքող եւ շատ անգամ զգետնող:
Ապրիլի 24, հարիւրամեակի նախաշեմին:
Ի սկզբանէ յայտնենք, թէ ոչ ոք թող յանդգնի մեզի ազգայնամոլի հանդերձանք պատշաճեցնել, ծայրայեղի մակդիրով պիտակաւորել, անուղղայ անուանել, ազգային հարցերու նկատմամբ ոչ գիտական մօտեցում ցուցաբերելու հակամէտ խմբաւորում մը նկատել, ազգային ներքին ցաւերու եւ խոցերու գոյութենէն անտեղեակ` հաւաքական վիճակ մը նկատել, զգացականութեամբ տարուած եւ անհորիզոն կեանք մը վարելու` յանձնապաստան մարդոց միաւորում մը համարել, ինքնագոհ եւ եսակեդրոն, տխեղծ եւ ապաբարոյ շրջապատի մը ներկայացուցիչները սեպել:
Ո՛չ, երբեք:
Աւելի՛ն. անտեղի ամբաստանել, անվերջ քամահարել, աննպատակ հրահրել եւ, վերեւ յիշուածներու առընթեր` ամէն ճիգ ի գործ դնել փուճ անհասկացողութիւններ սերմանելու, հայոց միասնականութեան եւ մէկութեան գաղափարականին դիմաց պատնէշ կառուցելու, ինքզինք չհասկնալու, շրջապատի ցաւն ու տառապանքը չըմբռնելու, եւ մասամբ նորին, վասն ինքնահաճոյ երեւելու մարմաջներէ թելադրուած:
Հայոց նահատակներու սրբադասման օրակարգային միտումներ եւ յապաղած գործընթացներ: Տեսակէտներ, տարբեր մօտեցումներ, իրաւի ու յանիրաւի նկատողութիւններ, գիտականի ու զգացականի մասին յորդորներ, դաւանական թէ ծիսական հայեցակարգեր, ինչուներու եւինչպէսներու հարցադրումներ, անյարիր միտքեր եւ այլն, եւ այլն:
Արժանաւորնե˜ր փնտռելու անհասկնալի բարբաջանքներ:
Միւս կողմէ, թուրքն ու թրքութիւնը իր պետականութեամբ, ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ, այլամերժ ու հայատեաց բացայայտ քաղաքական կեցուածքներով, նկրտումներով, քարոզչական թէ այլ միջոցառումներով` մինչեւ օրս կը շարուակէ ուրանալ, խծբծել, արժեզրկել, ազգային արժանապատուութիւն ստորնացնել, եւ ի հարկին համայն մարդկութեան կեղծ ու սուտ մօտեցումներուն ասպարէզ կարդալ, պարզապէս յագեցնելու դարաւոր հայատեացութիւնը:
Ճիշդ է նաեւ, որ, հայութիւնը շնորհակալ է եղած այն բոլոր քաղաքակիրթ ու մարդասէր մօտեցումներուն, քաղաքական թէ ընկերային կեցուածքներուն, հրատարակութիւններուն, Հայոց եղեռնի վիշտն ու յիշատակը յարգելուն եւ խոնարհելուն, այդուհանդերձ, մարդկութեան խղճին ու հոգիին մէջ սեպ խրած անարդարութեան եւ ճշմարտութեան հաստատագրման եւ միանգամընդմիշտ ընդունման մասին է խօսքը, որուն յայտնագործութեան կը սպասենք հարիւր տարիէ:
Համաշխարհային վարկ ու հեղինակութիւն ունեցող պետական այրերու թէ քաղաքական գործիչներու կեղծ ու միանշանակ սուտավարի կեցուածքները, ցարդ ի՛նչ բանի ծառայած են, որպէսզի հայութիւնը շարունակէ հաւատալ եւ անոնցմէ քաղաքացիական կարեկցանք հայցել:
Ո՞ւր է այն մարդկութիւնը, որուն անկասելի զարգացումին եւ յառաջդիմութեան ականատես ենք ազգովին, եւ շատ անգամ մենք մեզ կը համոզենք ըսելով, թէ մօտալուտ են յաղթանակի ժամանակները:
Թէ` Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ նիւթուած ամէնէն հրէշային ու բարբարոս վերաբերումն է, կատարուած թուրքին ձեռամբ, որուն Նիւրեմպերկը տակաւ կ՛ամրապնդուի:
Թէ` պէտք է ականջալուր մնալ Թուրքիոյ տարածքին ստեղծուած բարենպաստ պայմաններուն եւ հայութեան վիշտը կիսող խօսքերուն:
Թէ` ճշմարտութեան եւ արդարութեան ղօղանջները պիտի զգաստութեան հրաւիրեն թրքութեան մերօրեայ ժառանգորդները:
Յայտնապէս, նման մօտեցումներէ զուրկ էին այն քաջազուն ազատամարտիկներն ու վրիժառուները, որոնք Տէր Զօրի աղաղակին ընդառաջ երդուեցին զգետնել թուրք դահճապետներն ու պիղծ հետնորդները: Անոնք արիութիւնը ունեցան թքելու մարդկութեան համատարած անտարբերութեան եւ շահամոլ մօտեցումներուն երեսին` իրենց կարգին ընտրելով զնտաններն ու նահատակութեան փառապսակը, որպէսզի գէթ մասամբ կարենան թեթեւցնել այն անշէջ ու խոր կրակը, որ ծնունդ իսկ է ազգային արժանապատուութեան եւ վրէժի զգացումին:
Իրօք, ներողամիտ եւ ըմբռնողի դիտաւորութեամբ պիտի ընդունէինք այն բոլոր մտածումները, որոնք կը միտին սրբադասել ազգային կորուստներ ու նահատակներ, եթէ երբեք տասնամեակներ առաջ մարդկութիւնը այս ուղղութեամբ մեծ ոստում մը առած ըլլար:
Արեւմտահայաստանը իր իրաւատիրոջ վերադարձած ըլլար:
Հայոց ազգային ու մշակութային հարստութիւնները վերականգնումի ճանապարհին ըլլային:
Թուրքը մեղայի եկած, աշխարհի ամէնէն հսկայ զղջումի ու լացի կոթողը կանգնեցուցած ըլլար, Վասպուրականի լեռներու գագաթին:
Արարատի վեհութեան դիմաց ամէնօրեայ պատարագի ու աղօթքի արարողութիւններ կատարուէր:
Երկու ժողովուրդներու յաւերժ եղբայրութիւնը յայտարարուէր:
Մեծն Կոմիտաս մարդկութեան սուրբերու առաջին շարքին դասուէր:
Ինքնայիշեցում:
Արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակից իւրաքանչիւր ազատամարտիկ սպառազինուած էր 1.5 միլիոն նահատակի սրբազան ու անթաղ հոգիներու սրբութեամբ, եւ նետուած պայքարի դաշտ, զարկած ու զարնուած, եւ յաղթած:
Ուստի, սուրբերը ծնունդ են հայոց լեռներու վեհապանծ գագաթին:
Եւ սրբադասուած Արարատի միւռոնին հրաշքով եւ մեծութեամբ:
Տէր Զօրը սրբատեղի է, ո՛չ գերեզման:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ