Յայտնի Լրագրող-Լուսանկարիչ Հէրի Գունտաքճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի լրագրող-լուսանկարիչ Հէրի Գունտաքճեանը:
Տարիներէ ի վեր Գունտաքճեանին վստահուած է «Էսոշիէթըտ Փրէս» լրատուական գործակալութեան՝ արաբական երկիրներու, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային եւ Արեւելեան Ափրիկէի տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր լուսանկարիչի պատասխանատուութիւնը: Մեծ եղած է Գունտաքճեանի ներդրումը նաեւ հայկական մամուլին մէջ:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը քաղցր յիշատակներ ունի այս մեծ հայորդիէն, որ Արցախեան շարժումի եւ Գիւմրիի աղիտալի երկրաշարժի օրերուն, նաեւ անկէ առաջ ու ետք, միշտ հոգատար եղած է թերթին հանդէպ՝ մեզի մատակարարելով մասնագիտական մակարդակի նկարներ:
Խմբագրութիւնս իր խոր ցաւակցութիւնը կը փոխանցէ Հէրիի ընտանիքին:

http://asbarez.com

Scroll Up