ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Պաշտօնական Այցը Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/159.-President-Lukashenko-received-Armenian-FM-.jpg)
Ապրիլ 21-ին Պելառուսիոյ ԱԳ Նախարար Վլատիմիր Մակէյի հրաւէրով ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այց կատարեց Մինսկ:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեանին ընդունեց Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենկոն:
Ողջունելով նախարար Նալբանդեանը` նախագահ Լուկաշենկոն գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը` երկկողմ օրակարգին մէջ առկայ արդիական հարցերու քննարկման, միտքերու փոխանակման համար:
Պելառուսիոյ նախագահը, ընդգծելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ջերմ, բարեկամական ու գործընկերային բնոյթը, գոհունակութեամբ նշեց, որ թէեւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ չէ հսկայական ապրանքաշրջանառութիւն, այնուամենայնիւ զարգացման ընթացքը գոհացնող են, իրականացուած է մեծ աշխատանք տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ: Ալեքսանտր Լուկաշենկոն նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է կանգ չառնել ձեռքբերուած յաջողութիւններու վրայ եւ շարունակել այն զարգացնել: «Մենք հսկայական ապրանքաշրջանառութիւն չունինք: Բայց հաշուի առնելով, որ զերոյական ցուցանիշ ունեցած ենք, այսօր արդէն կրնանք մեծ յառաջընթացի մասին խօսիլ»,-ըսաւ Պելառուսիոյ նախագահը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պելառուսիոյ նախագահին փոխանցեց ՀՀ նախագահի ջերմ ողջոյնները եւ նշեց, որ նախագահ Լուկաշենկոյի` անցեալ տարուան մայիսին Հայաստան կատարած այցելութիւնը եւ նախագահներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կարեւոր խթան հանդիսացան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար, որոնք իրապէս շատ աշխոյժ են:
Նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ նաեւ միջկառավարական, միջխորհրդարանական, ռազմատեխնիկական համագործակցութեան յանձնաժողովներու աշխատանքներուն` ընգծելով այդ ձեւաչափերով փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու ընդլայնման` շուրջ 23% աճի կապակցութեամբ` հաւաստիացնելով, որ Պելառուս գործընկերներու հետ միասին պիտի շարունակուին աշխոյժ աշխատանքներն` ուղղուած այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման:
Անդրադառնալով Եւրասիական ամբողջացման գործընթացքին Հայաստանի մասնակցութեան` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ իրականացուած են Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին Հայաստանի անդամակցութեան ճանապարհային քարտէզով նախատեսուած գրեթէ բոլոր կէտերը:
Նախագահ Լուկաշնեկոն խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
Հայաստանի ԱԳՆախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յաջորդ հանդիպումը իր Պելառուս գործընկեր Վլատիմիր Մակէյի հետ էր:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկեցին երկու երկիրներու նախագահներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը, անդրադարձան Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ միջեւ քաղաքական, տնտեսական, ռազմատեխնիկական, մշակութային, գիտական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակին:
Զրուցակիցները քննարկեցին ԱԳ Նախարարութիւններու միջեւ խորհրդատւութիւններու իրականացման, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ` ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, ՀԱՊԿ, ԱՊՀ եւ այլ ծիրի մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիի, Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացքին:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Վլատիմիր Մակեյը անդրադարձան միջխորհրդարանական համագործակցութեան, քննարկեցին Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ մարզերու միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման հարցեր` գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերը կը համագործակցին Պելառուսիոյ տարբեր շրջաններու հետ:
Նախարարները ընգծեցին իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի ԱԳ նախարարը ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացքի վերջին զարգացումները, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու համատեղ ջանքերը խնդիրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ:
Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան ուքրանական ճգնաժամի եւ ատոր կարգաւորման նպատակով ձեռնարկուող ջանքերու շուրջ:
Հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ 2014-2015 թթ. խորհդակցութիւններու ծրագիրը:
Ստորագրման արարողութեան հետեւեցաւ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ ԱԳ Նախարարներու ճեպազրոյցը լրագրողներու հետ:
Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց նաեւ Մինսկի Յաղթանակի հրապարակ եւ ծաղկեպսակ դրաւ Յաղթանակի յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Մեծ Հայրենական պատերազմին զոհուածներու յիշատակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակէն: