«Սէրը Պէտք Է Դարձնենք Մեր Կեանքին Ու Գործին Առանցքը» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարելով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց սիրոյ հրամայականը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ուզէ՞ք սիրոյ վաւերական իմաստը գիտնալ, նայեցէ՛ք մեր Երկնաւոր Հօր: Ան սիրով մղուած ստեղծեց այս տիեզերքը մարդուն համար: Ան սէրէն մղուած աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին, դարձեալ մարդուն համար»: Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը դարձեալ ըսաւ. «Դիտեցէք կեանքն ու առաքելութիւնը Քրիստոսի: Ան սիրոյ կարեւորութիւնը միայն չշեշտեց, այլեւ իր կեանքէն ու առաքելութենէն արեւու լոյսին նման ճառագայթեց սէրը` ուղղուած մարդուն: Իբրեւ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, Քրիստոս նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Ահա թէ ինչու Քրիստոս իր հետեւորդներուն պատգամեց զիրար սիրել»: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց հաւատացեալներուն, թէ` «քրիստոնեայ ըլլալ` հետեւիլ է Քրիստոսի ու հետեւիլ Քրիստոսի կը նշանակէ սիրել զԱստուած, մեր ազգը, մեր նմանը: Ու սիրել կը նշանակէ աղքատին, հիւանդին, զրկեալին օգտակար ըլլալ: Հետեւաբար, սիրելը նուիրում, յանձնառութիւն, ինքնընծայում կ՛ենթադրէ: Ոտնլուայի այս արարողութիւնը պատգամ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին` սէրը դարձնելու մեր կեանքին ու գործին առանցքը», պատգամեց վեհափառ հայրապետը:

Հայ եկեղեցւոյ տօնակարգին համաձայն, Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, իբրեւ յիշատակ Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իր աշակերտներուն հետ: Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, եւ ապա, գիշերը մինչեւ ուշ ժամ` հսկումի արարողութիւն, միշտ նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին: Բոլոր արարողութիւններուն ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքի Մայր տաճարն ու բակը լեցուն էին հաւատացեալներով, որոնք եկած էին օրուան հոգեպարար արարողութիւններուն ճամբով վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական հաւատքը:

www.aztagdaily.com

Scroll Up