Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը Քեսապահայերուն Աջակցելու Կոչ Կ՛ընէ

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրուն նամակ մը յղած է Եւրոխորհրդարանին, Միջխորհրդարանական միութեան, Միջերկրականի խորհրդարանական վեհաժողովի ու Ուղղափառներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահներուն, Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ ուղերձը ուղղուած է՝ Կիպրոսի խորհրդարանի պատգամաւոր, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք:
«Ֆամակուսթա Կազեթ» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ իր ուղերձին մէջ Օմիրուն գրած է, որ Քեսապի վրայ յարձակումին ընթացքին, եկեղեցիներու եւ պատմական շինութիւններու պղծում ու աւերում, ինչպէս նաեւ գոյքի թալանում կատարուած է Թուրքիայէն ներխուժած ծայրայեղականներու կողմէ:
Օմիրուն կոչ ըրած է նամակի հասցէատէրերուն, որ իրենց ազդեցութիւնը ի գործ դնեն եւ ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ՝ վերջ դնելու համար ծայրայեղականներու յարձակումներուն: Ան նաեւ նշած է, թէ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին, որպէսզի քեսապահայերը ամենականուխ եւ ապահով կերպով վերադառնան իրենց տուները:

www.azator.gr

Scroll Up