ՀՀ ԱԳ Նախարարն Ընդունեց ԵԱՀԿ Գործող Նախագահի Հակամարտութիւններու Հարցերով Յատուկ Ներկայացուցիչը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/154.-Minister-Nalbandian-received-the-Special-representative-of-the-OSCE-Chairman-in-Office-16.04.2014-1.jpg)
Ապրիլ 16-ին ԱԳՆ Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահի հակամարտութիւններու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Անգելօ Գնեյտինկերը:
Նախարար Նալբանդեան եւ յատուկ ներկայացուցիչ Գնէյտինկերն անդրադարձան Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Տիտյէ Պուրկհալտերի` Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ԵԱՀԿ Զուիցերիոյ նախագահութեան ծիրէն ներս հայ-զուիցերական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի, համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացման գործընթացքի առիթով:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Անգելօ Գնէյտինկերը միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿ օրակարգային խնդիրներու, զուիցերական նախագահութեան նախաձեռնութիւններու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս ծիրէն ներս Անգելօ Գնէյտինկերը վերահաստատեց ԵԱՀԿ զուիցերական նախագահութեան լիակատար աջակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան:
Հանդիպման միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու, յատկապէս ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերու շուրջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: