Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը` Փոքր Հայաստան Եւ Փոքր Ծիծեռնակաբերդ
Երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի ներկայացում եւ օրհնութիւն:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ կողմէ` ինքնին ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, բայց մենք` նահատակ ժողովուրդի վերապրող զաւակներ, գիտենք մեր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել արժանավայել ձեւով»: Պոյաճեան այս առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Սահակ Այրանեանին, որ վարժարանին նուիրեց իր ձեռակերտ այս յուշակոթողն ու պաստառը:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ Մուշեղ Իշխանի «Կոչւում ենք մարդ» բանաստեղծութեամբ, զոր արտասանեց 11-րդ դասարանի աշակերտ Բերլա Գանթարճեան, որուն յաջորդեց Գոհար Յակոբեանի մեկնաբանած «Կռունկ» երգը:
11-րդ դասարանի աշակերտ Արինա Թեփիրճեան ներկայացուց «Բողոքում եմ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք վարժարանի երգչախումբը հրամցուց «Կիլիկիա» երգը` ընկերակցութեամբ երգի ուսուցիչ Սոնիկ Բամպուքեանի:
Օրուան պատգամը արաբերէնով փոխանցեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. ծրդ. Եղիայեան, որ իր խօսքը հայ ժողովուրդին ուղղելով ըսաւ. «Այս վայրկեաններուն, երբ կը նայինք այս յուշարձանին, կ՛երեւակայենք յաւիտենական Ծիծեռնակաբերդը, որ կ՛ընդգրկէ վայրագութեան եւ անմարդկային ոճիրի զոհ գացած հայորդիներուն աճիւնները»: Ան յայտարարեց, որ հայկական հարցը ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան հարց չէ, այլ` իրաւունքի հարց է:
Գոհար Տեմիրճեան հանդէս եկաւ «Տլէ եաման» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ մենապարով մը:
Ներկայացուեցաւ Յովիկ Յակոբեանի բեմադրութեամբ պատրաստուած «Յիշեցէք զիս» տեսերիզը:
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, պատմականօրէն նշանակալի օրեր կ՛ապրի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը: Սովորաբար, հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակումները տեղի կ՛ունենան Եղեռնին նուիրուած յուշակոթողներուն շուրջ, որոնք լուռ յուշարարներն են Ցեղասպանութեան արհաւիրքին»: Հոգեւոր տէրը շեշտեց, թէ «այսպիսի խորհրդածութիւններով բացումը կը կատարենք Ապրիլեան յիշատակի յուշարձանի այս մանրակերտին, որ անլռելի յուշարանն է այն պարտաւորութեան` Հայաստանի մեր անկախ պետութեան առջեւ, որպէսզի ան ազգին պահանջատիրութեան երթը առաջնորդէ եւ անոր ձգտումները միջազգային պետութիւններուն ամպիոններէն հնչեցնէ»:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Ատիս Հարմանտեան, որ յայտագիրը փակեց «Հերոսներին ու մայրերին» երգով:
Ապա, Ծիծեռնակաբերդի մշտավառ կրակին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան եւ ծաղիկի զետեղման արարողութիւն` վարժարանի աշակերտութեան կողմէ: