ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, 21 Փետրուարին, Մայրենի լեզուի օրեուան առիթով, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը պատշաճ հանդիսութեամբ մը տօնեց մեր Մեծասքանչին տօնը։ Տօնակատարութիւնը պսակումը եղաւ ամբողջ ամսուան վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներու շարքի մը, որուն ընթացքին, քոլէճին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան «Ճիշդ հնչենք»-ի, լեզուական աշխատանքի, շարադրութեան, արտասանութեան եւ բանաւոր խօսքի մրցումներու, որոնց յաղթականները պարգեւատրուեցան այս առիթով։
Մայրենի լեզուի օրեուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ քոլէճին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ օրուան պատգամաբեր Սարգիս Կիրակոսեանի եւ հիւրաբար քոլէճ այցելող, հայրենի գեղանկարիչ Գարլոս Սայաթեանի։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մհեր Գաբլանեան եւ անդրադարձաւ հայ լեզուի կարեւորութեան, որպէս հայապահպանման զէնք։ Ան նշեց, որ հայ լեզուն եղած է հայ մարդուն ոգեղէն հայրենիքը, որով ան սնած, աճած ու մեծցած է, հայացած ու ազգ դարձած։ «Եթէ հայ ենք, հաւատարիմ ըլլանք մեր լեզուին, մեր ուժը, մեր սէրը եւ ապագան թող ըլլան մեր լեզուին մէջե»,- շեշտեց Գաբլանեան։
Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց արտասանութիւններ եւ դաշնամուրի վրայ նուագներ։ Յաջորդաբար արտասանեցին Արա Թորոսեան («Ահաւոր բան մը կայ այնտեղ»), Գարօլին Կարապետեան («Բացառութիւն»), Գէորգ Եագուպեան («Ուխտ ծննդեան»), Դրօ Միրզայեան («Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ») եւ Նաթալի Քելխաչերեան («Որբերուն ծեռքերը»): Նուագով հանդէս եկան Մարթա Չորպաճեան եւ Նենսի Սոլաքեան։
Ապա, տնօրէն Վիգէն Աւագեան ողջունեց հիւրերը եւ ներկայացուց «Ճանչնանք մեր լեզուն» մրցանքներու շարքը, որ չորրորդ տարին ըլլալով կ’իրագործուի քոլէճին մէջ։ Ան ծանօթացուց նաեւ օրուան պատգամախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական բաժնի վարիչ, գրագէտ եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը եւ հրաւիրեց փոխանցելու իր պատգամը։
Սարգիս Կիրակոսեան հայ լեզուի մասին մեր մատենագիրներու եւ բանաստեղծներու գեղեցկագոյն արտայայտութիւնները վկայակոչելով դիտել տուաւ, որ Մեսրոպակերտ հայ լեզուն ո՛չ միայն հաղորդակցութեան պարզ գործիք մըն է, այլեւ՝ մեր ինքնութեան աղբիւրը, հայ մշակոյթի առանցքը, հայ հաւատքի պահապանը եւ հայ ժողովուրդի անմահութեան յաւերժական աղբիւրն է։
Շարունակելով, Սարգիս Կիրակոսեան ընդգծեց, որ լեզուն մեր հայրենիքն է։ Մենք կանք, եղած ենք եւ հայ գիրով փրկուած։ Լեզուն ազգին ծնողն է եւ ծննդավայրը։ Մեր հաւաքական յիշողութիւնը, օրհնութեան  շտեմարանը։ Մեր հոգեւոր հայրենիքն է լեզուն։
Իր պատգամին աւարտին Սարգիս Կիրակոսեան կատարեց մրցանակակիր աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւն։ Քոլէճին միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն մրցանակներու արժանացան 11 աշակերտներ՝  Մհեր Գաբլանեան, Նաթալի Քելխաչերեան, Քրիստ Արթինեան, Արա Թորոսեան, Արշօ Ինճէեան, Անժելինա Սարգիսեան, Դրօ Միրզայեան, Սինթիա Դաւիթեան, Նարեկ Շառոյեան, Գէորգ Եագուպեան եւ Լիլիթ Գայապալեան։
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հայրենի գեղանկարիչ Գարլոս Սայաթեան։ Ան ըսաւ, որ լեզուն ամէնէն առաջ մտածողութիւն է, եւ մեր օրերու մեծագոյն վտանգը մեր լեզուամտածողութեան սպառնացող վտանգն է։ Պէտք է պահել այդ լեզուամտածողութիւնը հայերէն ստեղծագործելու, հայօրէն մտածելու եւ ապրելու համար։
Հուսկ, տօնակատարութիւնը փակուեցաւ քոլէճին քայլերգով:

Ներկայ մը

Scroll Up