Ծաղկազարդի Տօնակատարութեան Նախագահելու Համար. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Այնճար

Երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Այնճար:

Առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի, Արսէն քհնյ. Քէշիշեանի, թաղականութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի, տիկնանց միութեան, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ  հաւատացեալ բազմութեան կողմէ: Ան գլխաւորեց Ծաղկազարդի տօնի պատարագը` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:

Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ծաղկազարդի խորհուրդին եւ պատմութեան մասին` ներկաներուն փոխանցելով այս տօնին իսկական իմաստը:

Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց թափօր եւ մանուկներու օրհնութիւն:

Սրբազանին ի պատիւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կազմակերպեց պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան գիւղին քոյր համայնքները, քաղաքապետը, «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը:

Շահէ եպս. Փանոսեան գլխաւորեց նաեւ դռնբացէքի արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին:

Առաջնորդ սրբազանը ընդունեց գիւղի համայնքներէն, միութիւններէն եւ պատասխանատու մարմիններէն ներկայացուցիչներ` երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ:

Նշենք, որ Շահէ եպս. Փանոսեան այսօր պիտի այցելէ գիւղի վարժարանները եւ միութիւնները:

 www.aztagdaily.com

Scroll Up