Վիրահայոց Թեմէն Ներս Մեկնարկեց Հայոց Մեծ Եղեռնի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Շարքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/IMGP4440.jpg)
Ապրիլ 12-ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ բացուեցաւ Հայոց մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցին նուիրուած «Յուշարձան եղեռնի նահատակներուն» խորագիրով ցուցահանդէսը: Այն կազմակերպած էր Վրաստանի հայ նկարիչներու միութիւնը Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Ռուսլան Պօղոսեան, Թիֆլիսի մէջ արուեստասէր հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած էին Թիֆլիսի, Սամցխէ-Ջաւախքի նկարիչները: Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժինի տնօրէն, «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան: Պրն Չիդիլեան կարեւոր նկատեց այն, որ արդէն 2-րդ տարին է` Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը Վիրահայոց թեմէն ներս կը մեկնարկէ Եղեռնի թեմայով ցուցահանդէսով: Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան արժեւորեց վրացի նկարիչներու մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին եւ օժանդակութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն: Միութեան նախագահը իր խօսքին մէջ տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսին մասնակցած 25 նկարիչները աւելի քան 60 կտաւներու միջոցով իրենց ցասումը արտայայտած են աշխարհի անտարբերութեան դէմ` պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում` անմեղ նախնիներու տառապանքներու եւ դաժան նահատակութեան համար:
Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ Ենոք Թադեւոսեան ներկաներուն յիշեցուց մի քանի օր առաջ Քեսապի հայութեան աջակցութեան համար ՄԱԿ- ի ներկայացուցչութեան եւ Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ թիֆլիսահայութեան իրականացուցած բողոքի գործողութիւնները: Բանախօսը ներկաներուն մանրամասնօրէն ծանօթացուց Քեսապի տեղադրութեան վայրին, ներկայացուց պատմական այն ուղին, որուն ընթացքին հայաբնակ Քեսապը եւ յարակից շրջանները արդէն 3-րդ անգամ կ’ենթարկուին ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան:
Վերջաւորութեան Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր մասնակիցներուն, բարձր գնահատեց այս ձեռնարկը եւ վրացի նկարիչներու մասնակցութիւնը: Սրբազան հայրը նմանատիպ ձեռնարկները համարեց յուշակոթող հայ նահատակներուն: Վիրահայոց առաջնորդը ոգեկոչեց ներկաներուն նուիրուելու Հայաստանի եւ հայութեան գեղեցիկ ապագայի շինարարութեան, որպէսզի այլեւս ոչ մէկ ոսոխ չսպառնայ ստեղծարար հայուն իր դրած տուն ու տեղէն տեղահան ընելու:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ ապրիլ 30:
Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւան