«Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Նախաշեմին» Խորագիրով Միջազգային Համաժողով Պուէնոս Այրէսի Մէջ

Ապրիլ 9-11 Պուէնոս Այրէսի մէջ` Պորխեսի մշակութային կեդրոնի «Ուիլեամս» սրահին  մէջ, Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ իրականացուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային համաժողով, որ կազմակերպած էին Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանը, համալսարանին կից Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը եւ Պուէնոս Այրէսի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամը:

Միջազգային համաժողովին կը մասնակցէին Արժանթինի, Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Մեքսիքայի, Պրազիլիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ համալսարանական, ակադեմական եւ գիտահետազօտական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի համալսարանի դասախօս, պատմաբան Ռիչարդ Յովհաննիսեան, Փարիզի գիտահետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի Ռուսիոյ, Կովկասի եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հարցերով ինստիտուտի դասախօս, ընկերաբան-պատմաբան Քլէր Մուրատեանը, Արժանթինի «Սան Անտրես» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դասախօս Խաչիկ Տէր-Ղուկասեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ Սուրէն Մանուկեանը,  Թուրքիոյ Պոգազիջի համալսարանի դասախօս Մեհմէթ Փոլաթելը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանը, Լատին Ամերիկայի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը եւ այլք:

Ձեռնարկին ընթրեցուեցաւ Արժանթինի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեանի ուղերձը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէր, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխարհագրութեան ըդլայնումն ինչպէս բարոյական, այնպէս էլ իրաւական հարթութեան մէջ է, քանի որ 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը յանգեցնում է անպատժելիութեան մթնոլորտի ստեղծման, նոր ցեղասպանութիւնների եւ էթնիկ զտումների խրախուսման»: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որու առիթով նշուեցաւ, որ «Մեր օրերում նոյնպէս մենք ականատես ենք անհանդուրժողականութեան նոր դրսեւորումների, որի հետեւանքով փորձեր են կատարւում խնդիրների լուծմանը հասնել ուժի կիրառման, ահաբեկչութեան եւ բռնութեան միջոցով: Սիրիայի հայաշատ Քեսապ քաղաքում տեղի ունեցող վերջին շրջանի իրադարձութիւնները լրջագոյն մարտահրաւէր են մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան համընդհանուր սկզբունքներին: Ակնյայտ է այն փաստը, որ վերջին յարձակումները, առանց որեւիցէ կասկածի, իրականացուել են Թուրքիայի տարածքից սահմանը հատած, Ալ-Քայիդայի հետ կապուած ահաբեկչական խմբերի կողմից: Այս առումով ակնկալում ենք, որ Թուրքիայի իշխանութիւնները անյապաղ քայլեր կը ձեռնարկեն` ծայրահեղական խմբաւորումնների կողմից Թուրքիայի տարածքի յետագայ օգտագործումը կանխելու համար»:

Համաժողովին ընթացքին ձեւաւորուեցան մասնագիտացուած աշխատանքային խումբեր, որոնք ներկայացուցին հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ իրականացուեցան քննարկումներ ցեղասպանութեան առնչուող իրաւական, քաղաքական, պատմական, ինչպէս նաեւ բարոյական խնդիրներու վերաբերեալ:

Միջազգային համաժողովի բացման օրը, ի պատիւ  համաժողովի մասնակիցներուն, ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն մասնակցեցան նաեւ Արժանթինի հայ համայնքի եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up