Համաքաղաքային Շաբաթօրեակ «Հայ Բարերարներու Ճեմուղիին Մէջ»

Ապրիլ 12-ին, արձագանքելով Երեւանի քաղաքապետարանի «Մաքուր պահենք մեր քաղաքը» կոչին` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը, «Իմ Հայաստան» փառատօնը նախապատրաստող աշխատանքային խումբը, նախարարութեան «Հայերն այսօր» էլեկտրոնային պարբերականի եւ «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները մասնակցեցան համաքաղաքային շաբաթօրեակին :

Ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն` շաբաթօրեակի մասնակիցները մաքրեցին եւ բարեկարգեցին Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածը, ուր նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Հայ բարերարներու ճեմուղին»:

Scroll Up