Հոգեւոր արարողութիւն 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ երկու միլիոն քրիստոնեաներու յիշատակին

Կիրակի՝ Ապրիլ 6-ի կէսօրէ ետք, Սէն Տընիի (Փարիզ) Մայր Տաճարը լեփ-լեցուն էր բազմութեամբ մը, որ եկած էր ներկայ գտնուելու Ֆրանսայի Հայկական Հիմնարկի եւ Հայ Նախկին Ռազմիկներու եւ Դիմադրականներու Ազգային Ընկերակցութեան (ANACRA) կողմէ կազմակերպուած հոգեւոր արարողութեան, որ նուիրուած էր Օսմանեան կայսութեան տարածքին 1915-1923 տարիներու ընթացքին ցեղասպանութեան զոհ երկու միլիոն քրիստոնեաներու յիշատակին։ Այս տարուան ոգեկոչման երկրորդ արարողութեան կը մասնակցէին մասնաւորաբար տուժած չորս համայնքներու սերունդները՝ Հայեր (1.500.000 զոհ), Ասորի-քաղդէացիներ (250.000 զոհ), Ասորի-արամէացիներ (100.000 զոհ) եւ Պոնտոսցի յոյներ (300.000 զոհ):

Յիշատակի արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Յունաստանի դեսպանատան Ա. խորհրդական Ափոսթոլաս Պալթաս, Կիպրոսի դեսպանատան Ա. խորհրդական Էլէնա Մինա, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Հայր Յովհաննէս Թէյրուզեան։ Յատկանշական էր Հայաստանի վերջին թագաւոր Լեւոն Ե.ի շառաւիղէն՝ Ֆիլիփ Լուսինեանի եւ իր ընտանիքին ներկայութիւնը։

Սկիզբը պատմական ակնարկով խօսք առաւ Տաճարի հոգեւոր ղեկավար Հայր Լաշարփանեը, որմէ ետք Ֆրանսայի Հայկական Հիմնարկի նախագահ Անթուան Պաղտիկեան նախքան իր ելոյթը խորան հրաւիրեց ANACRA-ի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Յարութիւնեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ պատմական իրադարձութիւններուն։

Ա. Պաղտիկեան իր ելոյթին մէջ մատնանշելով այդ տարիներուն Թուրքիոյ վարած ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը, յատկապէս յիշեցուց Ամերիկայի դեսպան Հանրի Մորկընթաուի առաջարկը Թալաաթ Փաշային՝ գնել Հայերու ինչքերու մնացորդացը, որուն հետեւեալը պատասխանած էր Թ. Փաշան.- «Ինչո՞ւ այդքան դրամ ծախսել Հայերու համար, որոնցմէ շուտով ո՛չ մէկ հետք պիտի մնայ»…: Բանախօսը այնուհետեւ անդրադարձաւ անցեալ Ապրիլ 4ին «Radio Notre Dame»ի հաղորդավարին կողմէ իրեն ուղղուած «Հայերը պատրա՞ստ են ներելու» հարցումին, երբ ինք պատասխանած է՝ ըսելով, թէ «ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, երբ տակաւին դահիճը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առաւել՝ ան իր դիւանագիտական ամբողջ տարողութիւնը ի գործ կը դնէ շարունակելով մերժումի քաղաքականութիւնը»։ Անթուան Պաղտիկեան եզրափակեց ակնարկելով Քեսապի Հայերու նկատմամբ գործադրուող մեր օրերու Ցեղասպանութեան, որ կը կատարուի Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող «Ալ Քաիտայի» կողմնակիցներու ձեռամբ։

Այնուհետեւ խօսք առին Ցեղասպանութեան զոհ իւրաքանչիւր համայնքի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, որոնք ապա աղօթեցին ու երգեցին, իւրաքանչիւրը՝ իր լեզուով, ստեղծելով համերաշխութեան խոյանքով լեցուն յուզիչ մթնոլորտ մը։ Հարկ է նշել, թէ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, արգելք ունենալով՝ ներկայ չէր, իսկ Հայր Մանուէլ Ռաշօ-Յովհաննիսեան որ կը փոխարինէր Առաջնորդի տեղապահը, մասնաւորապէս դատապարտեց Եւրոպական եւ ընդհանրապէս համաշխարհային պետութեանց լռութիւնը՝ ի տես մարդկութեան դէմ գործադրուող ոճիրին, որ ցարդ անպատիժ կը մնայ։

Գեղարուեստական բաժնով Պ. Մկրտիչեանի կողմէ ղեկավարուող երգչախումբը ներկայացուց հայկական պատարագէն քանի մը շարականներ, Ասորի-քաղդէականներու կողմէ ելոյթ ունեցաւ Դանիէլ Օկիւսթ, որուն հետեւեցաւ Հայր Սապրի Անարի երգչախումբը։ Պոնտոսցի յոյներու անունով Սեդա Թէոդորիտիսին յաջորդեցին Յոյն-Ուղղափառ եկեղեցիէն Հայր Միլթոս Ամֆիլոքիոս, Ասորի-Արամէացիներէն Ժան Արսլան, Հայր Եագուպ Այտընի երիտասարդական երգչախումբը, եւ ուրիշներ…:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ վերապատուելի Սարգիս Պարութճեան, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անունով հարցում կ՚ուղղէր՝ «սպասել, բայց մինչեւ ե՞րբ»…:

Հոգեհարազատ այս արարողութիւնը աւարտեցաւ Մուրատ Ամիրխանեանի «Տէր Ողորմեա՛»ի հրաշալի կատարումով։

Ապա Անթուան Պաղտիկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց 2014ի արարողութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրաշարժին համար եւ 100-ամեակին առիթով միասնական ճակատ կազմելու կոչ ուղղեց ներկաներուն, որմէ ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Լեւոն Ե. Լուսինեանի յուշադամբանը, որ կը գտնուի Ֆրանսայի թագաւորներու եւ թագուհիներու դամբարաններու շարքին եւ կը հանդիսանայ օտարերկրեայ պսակով միակ արքան, որուն շնորհուած է բացառիկ արտօնութիւն։

ՀՐԱՅՐ ՀՐԱՉԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up