Ազգային Ծերանոցէն Խումբ Մը Ծերեր Այնթուրայի Մէջ Յարգեցին Նահատակ Որբերուն Յիշատակը

– Ա՜խ…Աստուա՜ծ իմ…

Սովորական հառաչանք չէր ալեհեր մայրիկին սրտին խորերէն բխող այս արտայայտութիւնը, նաեւ սովորական երեւոյթ չէր միւս մայրիկին աչքերէն անդադար հոսող արցունքը, ամբողջ պատմութեան մը դառնութիւնը կ՛արտացոլար պապուկին աչքերուն մէջ, որոնք ուղիղ կերպով սառած էին չարչարանքներուն տեսականին համտեսած 300 անմեղ որբուկներուն աճիւնները ամփոփող գերեզմանին վրայ:

Անոնք մաս կը կազմէին երէկ` 8 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին Հայ ազգային ծերանոցէն Այնթուրայի որբանոց այցելած  խումբ մը մամիկներու եւ պապիկներու, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու տասնեակ տարիներ առաջ հայ որբերուն համար թրքացման կեդրոն հանդիսացած Այնթուրայի երբեմնի որբանոցին մէջ իրենց մանուկի շունչը փչած, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ֆիզիքական եւ հոգեկան ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք վերապրած, սակայն այդ կեդրոնին մէջ անգամ մը եւս չարչարուած, սովահար եղած, իրենց ինքնութենէն զրկուած ու նահատակուած մանուկներուն:

Հակառակ իրենց դողդոջ ու դանդաղ քայլերուն, ծերունիները բարձրացան որբերուն շիրիմին մօտ, ուր Հայ ազգային ծերանոցի տիկնանց յանձնախումբէն Շաքէ Քարայեան անոնց բացատրեց իրենց այցելութեան նպատակը:

Ապա խօսք առաւ Հայ ազգային ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ տասնեակ տարիներ առաջ Այնթուրա բերուած հայ որբերու ճակատագիրին, անոնց ապրած դառն օրերուն եւ ունեցած տխուր վախճանին մասին: Ան նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս բացայայտուած է 300 որբերուն աճիւններուն առկայութիւնը այս վարժարանին մէջ` նշելով, որ անկէ ետք կառուցուեցաւ անոնց յիշատակը անմահացնող շիրիմն ու կոթողը: Ան դիտել տուաւ, որ 100-ամեակի սեմին եկած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու նահատակ մանուկներուն` աւելցնելով, որ այսօր եւս Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ տեղահանութիւն պարտադրուեցաւ հայութեան, սակայն հայութիւնը պիտի կարենայ այս հանգրուանը եւս շրջանցել: Ան յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ եթէ ոչ մօտիկ ապագային, գէթ աւելի ուշ վերադառնալ եւ ապրիլ հայրենի հարազատ հողին վրայ: Պատուելի Թերզեան յայտնեց, որ Այնթուրա այցելած այդ խմբակի ծերունիները նաեւ կը ներկայացնեն ծերանոցի այն ծերունիները, որոնք անկողինին կը ծառայեն եւ այդ պատճառով չկրցան միանալ իրենց:

Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Հայ ազգային ծերանոցի ծերունիներուն անունով:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ Աւետարանէն համար մը կարդաց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, որ ըսաւ, թէ թէեւ ահաւոր էր տեղի ունեցածը, անիկա ցուցանիշ է թշնամիին անմարդկայնութեան, սակայն հայը կրցաւ յոյսը գտնել ու վերապրիլ: Վերապատուելիին համաձայն, այսօր եւս կը շարունակուի թուրքին բռնարարքը, սակայն կարելի պիտի ըլլայ ոտնակոխել ամէն դժուարութիւն եւ շարունակել հայութեան երթը: Ան կոչ ուղղեց ապրելու իբրեւ տիպար հայ ու քրիստոնեայ:

Աւարտին ծերունիները ծաղիկներ զետեղեցին որբերուն շիրիմին վրայ եւ աղօթեցին անոնց հոգիներուն համար:

www.aztagdaily.com

Scroll Up