Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ջաւախքէն ժամանած խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ

Երկուշաբթի 7 Ապրիլ 2014ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Ջաւախքէն ժամանած խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ ընկերակցութեամբ իրենց պարուսոյցին եւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին: Անոնք Լիբանան ժամանած էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբի հրաւերով մասնակցելու Ջաւախքի Մշակոյթի Շաբթուան յայտագիրներուն։
Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց պատանիները եւ շեշտեց Ջաւախքին կապուած մնալու հրամայականը։ Ան ըսաւ որ մենք բոլորս պարտաւոր ենք աշխատելու ի խնդիր Ջաւախքի առաւել հզօրացումին ու ծաղկումին եւ այս նուիրական գործին իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու։ Վեհափառ Հայրապետը պատանիներուն ուղելով իր խօսքը ըսաւ որ դուք դեսպաններէն էք Ջաւախքի ժողովուրդի ոգիին, հաւատքին ու պայքարին: Միշտ մնացէք կառչած ձեր իրաւունքներուն։