Ջաւախքի «Գոհանամք» Եւ Հայք» Երգի-Պարի Համոյթի Ելոյթը Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «ՋԱՀ» (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին,  չորեքշաբթի, 2 ապրիլ  2014-ի երեկոյեան ժամը  7:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթի ելոյթը:

Յակոբ Գառնէշեան

Յակոբ Գառնէշեան

Յակոբ Այնթապլեան

Յակոբ Այնթապլեան

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթի անդամներն ու Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համադրող յանձնախումբի ատենապետ Արտակ Գաբրիէլեանը:

Ան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց Ջաւախքի հայութեան դժուարութիւնները եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու կարեւորութիւնը` հայութիւնը իր մայրենի հողին վրայ պահելու:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց  «ՋԱՀ»` (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեանը, որ իր կարգին ներկայացուց համոյթի Լիբանան այցելութեան նպատակը եւ յանձնախումբի գործունէութեան այլազան երեսները: Ան ողջունեց Ջաւախքի պատանիներու Լիբանան այցելութիւնը, որ խթան պիտի հանդիսանայ լիբանանահայ գաղութ-Ջաւախք կապերու ամրապնդումին:

Javakhk_Ainjar6

Համոյթը` խմբավարութեամբ Նասլեթ Քէյեանի, ներկայացուց ազգագրական պարերու փունջ մը` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

Պատանի երգչուհի Մելինէ Օվակեան կատարեց աշուղական եւ ազգային քանի մը երգեր` արժանանալով ներկաներու  բարձր գնահատանքին:

Javakhk_Ainjar4

Ձեռնարկի ընթացքին ամփոփ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Արտակ Գաբրիէլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Ջաւախքի հայութեան հիմնական դժուարութիւնները եւ վերջին տասնամեակներուն ծաւալող արտագաղթի երեւոյթը, որ կը հայաթափէ շրջանը:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց համոյթի իւրաքանչիւր անդամի, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համադրող յանձնախումբի ատենապետ Արտակ Գաբրիէլեանին:

Յայտնենք, որ խումբը Այնճար ժամանեց երէկ կէսօրին եւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու գիւղի հիմնական կառոյցներուն` ինչպէս` գիւղի վարժարանները, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնը, քաղաքապետարանը, Մուսա լերան յուշարձան համալիրը եւ այլն…

Ջաւախքի մասին տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել համացանցի հետեւեալ հասցէին

 www.a-info.org

www.aztagdaily.com

Scroll Up